Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Mon May 21, 5:30 am
- 0 Comments
- 101 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հարցի մը խորքը եւ ձեւը կայ քննարկման համար: Դուք խորքը գիտէք, բայց ձեւին մէջ տկարութիւն մը ունիք: Ճշդում մը կատարեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կեանքի ապրելաձեւը շատ սղած է, հետեւաբար հարկ է շարժիք իմաստութեամբ եւ խնայասիրութեամբ, որպէսզի տնտեսական հարց չունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի կարենաք հետաքրքրել ձեր շուրջի անձերը ձեր ծրագիրներուն շուրջ: Օրը ունի գոհունակութիւն տուող պահեր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործունէութեան ընթացքին ձեզի ընկերակցող եւ օժանդակողներ պիտի ունենաք: Անոնց հետ ամէն ինչ պարզ պիտի թուի: Օրը յաջող է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ծրագիրներուն յաջողութեան համար դիմեցէք փորձառու անձի մը: Ան պիտի կարենայ օգտակար ըլլալ ձեզի` ձեր հարցը լուծելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատանքի ժամերը պիտի անցնին դիւրութեամբ եւ պիտի կարենաք աւարտել ձեր որոշած ծրագիրները եւ ապա կատարել պտոյտ մը բարեկամներով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գիրք կարդացէք, պրպտումներ կատարեցէք, որպէսզի կարենաք հասկնալ ձեր փնտռած նիւթին իմաստը: Այս ձեւով կը զարգանաք եւ գոհ կ՛ըլլաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ոեւէ մէկէ առնելիք գումար մը ունիք, պահանջեցէք, որպէսզի աւելի չուշացնէ վճարումը: Յիշեցուցէք իր պարտականութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շաբաթը պիտի սկսի վիճաբանելով ձեր գործակիցներուն հետ: Զգուշացէք նման հարցերէ: Ամէն խնդիր խոշորացոյցով մի՛ դիտէք, կը շահիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ֆիզիքապէս շատ լաւ վիճակի մէջ էք: Ձեզի պիտի հարցնեն, թէ ի՞նչ տեսակ ուտելիք կամ խմելիք կ՛օգտագործէք ձեր բարեձեւութեան համար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Քալեցէք, ինչ որ լաւագոյն մարզանքն է: Այս մարզանքին պէտք ունիք: Նստած մի՛ մնաք, մաքուր օդին դուրս ելէք եւ կազդուրուեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պէտք է զբաղիք ձեր ընտանիքով, եթէ նոյնիսկ ձեր սրտին չի խօսիր այս պարտականութիւնը: Խանգարում մի՛ ստեղծէք ձեր հարազատներուն հետ: Ձեր պարտականութեան տէրը եղէք:
- 0 Comments
- 101 views
- Tweet
Email
Print



