Նախագահ Սլէյման Կը Շեշտէ Հարցերը Երկխօսութեամբ Լուծելու Կարեւորութիւնը
By adminx - Sat May 19, 7:46 am
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որ նախագահը տեղեակ պահեց բանակին որդեգրած ապահովական նոր միջոցառումներուն մասին:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ լիբանանցիներուն քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ որեւէ հարց պէտք է լուծել երկխօսութեամբ եւ խաղաղութեամբ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիպիական իշխանութիւններու պատուիրակ Ապու Պաքըր Շիպանին, որ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլէն նամակ մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Իսամ Ապու Ժամրա: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Նաժի Պուսթանի եւ Վիքթոր Խուրի, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Հաննա:
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print




