«Փենթակոն Պողպատեայ Գմբէթը Ֆինանսաւորելու Համար 70 Միլիոն Տոլար Պիտի Տրամադրէ» Կ՛Ըսէ Փանեթա
By adminx - Sat May 19, 7:24 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա Ուաշինկթընի մէջ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Էհուտ Պարաքի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Փենթակոն կը ջանայ յառաջիկայ ամիսներուն հակահրթիռային պաշտպանութեան Պողպատեայ գմբէթ համակարգի ֆինանսաւորման համար Իսրայէլի 70 միլիոն տոլարի յաւելեալ գումար մը տրամադրել:
Ան ըսաւ, որ «Փենթակոն յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին, իսրայէլեան ապահովութեան պահանջներուն տարեկան արժեւորման հիմամբ յաւելեալ ֆինանսաւորում պիտի պահանջէ»:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ մինչեւ օրս Իսրայէլի Պողպատեայ գմբէթի ծրագիրի ֆինանսաւորման համար 205 միլիոն տոլար տրամադրած է:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print




