Saturday May 25, 2013

«Եւրոպական Միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Շրջագիծին Մէջ Վստահութեան Մթնոլորտի Բարելաւման Քայլերու Նոր Ծրար Մշակած Է» Կ՛Ըսէ Քոպիա

By adminx - Fri May 18, 7:46 am

Ռոլանտ Քոպիա

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Ռոլանտ Քոպիա յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ կողմերու փոխադարձ վստահութիւնը աւելցնելու ուղղուած քայլերու թղթածրար մը պատրաստած է:

«Եւրոպական Միութիւնը ունի շարք մը գաղափարներ` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն միջեւ վստահութիւնը աւելցնելուն: Ատոնք, սակայն տակաւին կողմերուն չեն ներկայացուած: Յոյս ունինք, որ մօտիկ ապագային կողմերը պիտի ընդունին այդ առաջարկները, եւ ատիկա պիտի ըլլայ նշան այն բանի, որ կողմերը իսկապէս կը ձգտին խնդիրի լուծման», ըսած է ան:

Քոպիա նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ մեծցնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման ուղղուած աջակցութիւնը: «Խնդիրը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կը ձգձգուի, շփման գիծին վրայ մարդիկ կը զոհուին: Մենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կ՛աջակցինք, սակայն պաշտօնական բանակցութիւններուն զուգահեռ կարեւոր կը նկատենք նաեւ մարդոց միջեւ վստահութեան վերականգնումը», յայտարարած է ան:

 

Leave a Reply

Advertisement