Thursday May 16, 2013

Քոնելլի Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Նախարար Արիտիի

By adminx - Fri May 18, 7:34 am

Դեսպան Քոնելլի եւ զօր. Աուն

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի Ուաշինկթընի մտահոգութիւնը յայտնած է այն իրականութենէն, որ Սուրիոյ ապահովական զարգացումները կրնան նպաստել Լիբանանի ապակայունութեան:

Քոնելլի վերահաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան ազատ, անկախ, գերիշխան եւ կայուն Լիբանանի նկատմամբ:

Քոնելլի այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուած այլ հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի ապահով, գերիշխան եւ անկախ Լիբանանին:

 

Leave a Reply

Advertisement