Թուրքիա Իսրայէլը Կ՛Ամբաստանէ Հիւսիսային Կիպրոսի Օդային Տարածքը Խզելու Յանցանքով
By adminx - Fri May 18, 7:25 am
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիա Իսրայէլը ամբաստանած է Կիպրոսի թրքական հատուածի օդային տարածքը խզելու յանցանքով:
Թրքական բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդանաւ մը «Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան» օդային տարածքը հինգ անգամ խզած է, ուստի թրքական կործանիչներ թռիչք առած են իսրայէլեան օդանաւը այդ շրջանէն վտարելու համար:
Հաղորդագրութիւնը դէպքին վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չի հաղորդեր եւ չի նշեր, թէ իսրայէլեան օդանաւը ի՛նչ բնոյթի կամ տիպի էր:
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print



