«Ճնշուածութեան Կառավարում» Դասընթացք Եւ Հոգեւոր Սնունդի Օր Կազմակերպութեամբ Ճինիշեան Բարգաւաճման Ծրագիրին
By adminx - Fri May 18, 5:44 am
- 0 Comments
- 77 views
- Tweet
Email
Print
Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի նախաձեռնութեամբ արդէն իսկ ապրիլ 10-ին սկիզբ առաւ «Ճնշուածութեան կառավարում» դասընթացքը:
Դասընթացքը տեղի կ՛ունենայ շաբաթական դրութեամբ, Ճինիշեանի գրասենեակներուն մէջ, գործակցութեամբ «Տիվելոփմընթ էնի պիյանտ» կազմակերպութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի իրերօգնութեան սնտուկին հետ:
Մինչեւ օրս ծրագիրէն արդէն իսկ ամբողջացած են հինգ նիւթեր` «Ճնշուածութեան սահմանում եւ անոր պատճառները», «Ճնշուածութեան նշաններ եւ ախտանշաններ», «Ինչպէ՞ս ճնշուածութիւնը կը զարգանայ եւ ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ զայն կառավարելու աշխատանք չտանինք», «Ճնշուածութեան հետեւանքները մարմնին վրայ», «Ճնշուածութեան կառավարման ձեւեր եւ միջոցներ»: Բոլոր նիւթերն ալ մեծ հետաքրքութիւն յառաջացուցին դասընթացքին մասնակցող 20 կիներուն եւ օրիորդներուն մօտ:
Այս աշխատանքներուն ծիրին մէջ ուրբաթ, 11 մայիս 2012-ին Տհուր Շուէյրի Աւետարանական կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ հոգեւոր սնունդի օր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իբրեւ դասախօսներ` Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան, պատուելի Տաթեւ Պասմաճեան եւ Վարուժ Մազմանեան:
Համայնքային բարգաւաճման գրասենեակի համադրող Թալին Լատոյեան-Զալալեան հանդիպումին բացումը կատարելէ ետք շեշտը դրաւ հոգեւոր սնունդի անհրաժեշտութեան վրայ` յաղթահարելու համար ճնշուածութիւնը: Ան աւելցուց, որ այս հոգեւոր սնունդի օրը կազմակերպուեցաւ այդ վայրին մէջ` բնութեան գիրկը, որպէսզի ներկաները անջատուին իրենց ճնշուած առօրեայէն եւ ամբողջովին կեդրոնանան ներկայացուած նիւթերուն վրայ: Օրուան առաջին դասախօսն էր պատուելի Տաթեւ Պասմաճեան, որ ներկայացուց «Ինչպէ՞ս յաղթահարել ճնշուածութիւնն ու յուսալքումը հոգեւոր սնունդի եւ աղօթքի միջոցով» նիւթը:
Ան դիտել տուաւ, որ ճնշուածութիւնը հանգուցուած վիճակն է, որ ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր մարմնին, դիմադրողականութեան եւ անշուշտ հոգեկան վիճակին վրայ: Պատուելին աւելցուց, որ դժուարութիւնները կան, առկայ են մեր կեանքին մէջ, մանաւանդ Լիբանան ապրելով` մենք առօրեայ դրութեամբ գերճնշուած վիճակ մը կ՛ապրինք, ըլլայ այդ մէկը խճողումի, սղաճի, կամ տնտեսական ծանր տագնապներու եւ անգործութեան պատճառով:
Պատուելի Տ. Պասմաճեան ներկաներուն բացատրեց, թէ հոգեւոր մօտեցումով ինչպէ՛ս կարելի է յաղթահարել այս ճնշուածութիւնը, ի՞նչ ձեւերու եւ միջոցներու դիմելով: Ստորեւ կը ներկայացնենք պատուելիին թելադրանքները.
- Առօրեան դասաւորել. Մեր ժամանակը կառավարելով` կրնանք մեր գործերը ամբողջացնել:
- Միշտ գրել, թէ ի՛նչ ընելիքներ ունինք մէկ շաբթուան ընթացքին, եւ կը տեսնենք, թէ որքան արդիւնաւէտ շաբաթ կ՛ունենանք, այս մէկը կ՛օգնէ մեզի` հանդարտ ըլլալու եւ մեր ծրագիրները գործադրելու գոհունակութիւն զգալով:
- Մարդիկ ընդհանրապէս հակում ունին անցեալէն մնացած հարցերը նոյն վիճակին մէջ ձգելու եւ իրենց հետ «շալկելու»` առանց զանոնք կառավարելու համար ջանքեր ընելու: Պէտք է այդ հարցերուն յարմար լուծումներ գտնել կամ մոռնալ զանոնք: Ինչո՞ւ անցեալի ծանրութիւնն ու բեռը անընդհատ մեզի հետ շալկել եւ երթալ: Նոյնն է պարագան քէն պահելուն, որ աւելի մեզի վնաս կը հասցնէ, քան` մեր դիմացինին: Քէնը թոյն մըն է, որ կը պատրաստես ուրիշին համար բայց դուն կը խմես զայն: Անցեալը անցաւ, մոռնանք զայն եւ ապագային մասին մտածենք:
- Ճնշուածութիւնը մեծ մասամբ առնչուած է զիրար ճիշդ հասկնալու եւ իրարու հետ յստակ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալու երեւոյթին: Շատ յաճախ թիւրիմացութիւններ կը պատահին եւ զիրար չենք հասկնար: Յստակ հաղորդակցութիւնը մեզի կ՛օգնէ ճնշուածութենէ ձերբազատելու:
- Առողջ ձեւեր գտնենք ջղայնութիւնը պարպելու եւ զայն տարբեր ձեւերով արտայայտելու. օրինակ` մարզանքի ճամբով, քալելով եւ աղօթքով:
- Վերատեսութեան ենթարկել մեր սննդականոնը, ի՞նչ կ՛ուտենք եւ ինչպէ՞ս, ի՞նչ կենսանիւթերու պէտք ունի մեր մարմինը:
- Խոկալ եւ հանդարտ շնչառութիւն կատարել, խօսիլ դրական զգացումներուն մասին եւ այս պահերուն աղօթել, Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ. օրուան ընթացքին այս քանի մը վարկեանը ունենալը շատ անհրաժեշտ է:
- Դուն քեզ մի՛ դատեր. երբ Աստուած կ՛ըսէ, որ Ես քեզի պիտի ներեմ, մենք մեզ տակաւին ինչո՞ւ դատենք եւ յանցաւորի աթոռին նստինք:
- Ամէն օր մտածենք մէկ երկու բանի մասին, որ մեզի երախտապարտ կը պահէ: Յաճախ մարդիկ կը մտածեն, որ հրաշքներ չկան, կամ հարց կու տան, թէ ո՞ւր են անոնք: Ամէն օր արթննալը մեծագոյն հրաշքն է արդէն:
Իր խօսքին աւարտին պատուելին Աստուածաշունչէն մէջբերում մը կատարեց` ներկաներուն հետ բաժնեկցելով ճնշուած եւ բեռնաւորուած վիճակէ ձերբազատելու համար Յիսուս Քրիստոսի այն խօսքը, որ կ՛ըսէ (Մատթէոս 11: 28-30). «Եկէք ինծի բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ, իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք, որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք, վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ բեռս` թեթեւ»:
Երկրորդ բաժինով խօսք առաւ ամերիկահայ, թուաբանութեան դասախօս Վարուժ Մազմանեան, որ խօսեցաւ աղօթքի իմաստին եւ անոր ներկայացուցած անհրաժեշտութեան մասին` մեր կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ ճնշուածութիւնը յաղթահարելու համար մասնաւորապէս: Ան դիտել տուաւ, որ, ըստ Սուրբ Գիրքին, անձնական աղօթքը չորս կէտերէ կը բաղկանայ.
1.- Առաջին կէտը Աստուած փառաբանելն է` յիշելով, որ ստեղծիչն է, սկիզբն ու վախճանն է, առաջինն ու վերջինը:
2.- Մեղքերու խոստովանութիւնը մեզի թեթեւութիւն կը պարգեւէ մեղքերու ծանր բեռերէն: Յովհաննու 1:9-ի մէջ գրուած է. «Եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ բոլոր անիրաւութենէ սրբելու»:
3.- Շնորհակալութիւն յայտնել. ընդհանրապէս մենք Աստուծմէ միայն կը խնդրենք, բայց փոխարէնը շնորհակալութիւն չենք յայտներ եւ աւելին ալ կ՛ուզենք:
4.- Խնդրէ՛. Յովհաննու 16-24 կ՛ըսէ. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի, եւ ձեր ուրախութիւնը ամբողջական պիտի ըլլայ: Մինչեւ հիմա Յիսուսի անունով բան չխնդրեցիք, խնդրեցէք եւ պիտի տրուի»:
Այս երեք կէտերը Տէրունական աղօթքին մէջ յստակօրէն կան:
Վ. Մազմանեան աւելցուց, թէ միայն եկեղեցւոյ մէջ չէ, որ կրնանք աղօթել, այլ ուր որ ալ ըլլանք եւ երբ որ ըլլայ, ան տուաւ Յովնանի օրինակը, որ կէտձուկին փորին մէջ էր, աղօթեց, եւ Աստուած լսեց անոր աղօթքը եւ զայն դուրս հանեց հոնկէ:
Հաւաքական աղօթքի մասին խօսելով` Վ. Մազմանեան նշեց, որ մեծ զօրութիւն կայ հաւաքականութեան մէջ, Սուրբ Գիրքը կ՛ըսէ, որ երբ մենք աղօթքի մը մէջ ըսուածը կ՛ընդունինք` «Ամէն» ըսենք, այսինքն մենք ալ մեր մասնակցութիւնը բերենք աղօթքին` «Ամէն» ըսելով: Սուրբ Գիրքին մէջ Յիսուս Քրիստոս կ՛ըսէ. «Երբ երկու կամ երեք հոգի միասին են, ես ալ իրենց հետ եմ»: Եւ վերջապէս, ուրիշին համար աղօթելու մասին խօսելով ան նշեց, որ պէտք է թախանձանքով աղօթել:
Բանախօսը անհատական եւ հաւաքական աղօթքին մասին խօսելով` իրական կեանքէ քաղուած պատմութիւններով եւ օրինակներով հարստացուց իր ներկայացումը եւ ներկաներուն հետ զրոյցի առիթը ընծայեց: Մազմանեան իր զեկուցումը աւարտեց ներկաներուն առաջարկին ընդառաջելով` հաւաքական աղօթք մը առաջնորդելով:
Ապա Համայնքային բարգաւաճման ծրագրի համադրող Թալին Լատոյեան խօսեցաւ ստեղծագործութեամբ եւ դրական մօտեցումով մտածելու մասին: Ան փաուըր փոյնթի ներկայացումի մը ընկերակցութեամբ եւ ներկաներուն հետ անհատական աշխատանքով մը շեշտը դրաւ հարցերը տարբեր դիտանկիւններէ դիտելու անհրաժեշտութեան վրայ եւ փորձելու` դրական մօտեցում որդեգրել մեր ժխտական հարցերուն նկատմամբ: Ան աւելցուց, որ հիմնական է ժխտական անցեալը մոռնալ եւ ներկան դրական ձեւով ապրիլ:
Ճաշի դադարէն ետք ներկաները առիթը ունեցան լսելու Մկրտիչ քահանային ներկայացուցած զեկուցումը` «Հայ ընտանիքին քրիստոնէական ինքնութիւնը, անոր հոգեւոր սնունդի անհրաժեշտութիւնը, եւ կնոջ դերը իբրեւ մօր` այս աշխատանքին մէջ» նիւթով:
Տէր հայրը նշեց, որ հայ ընտանիքին մէջ հինէն ի վեր իշխած է սէրը եւ ոչ` ֆիզիքական տարբերութիւնը կամ ուժը: «Հայ ընտանիքին մէջ տէր եւ հնազանդ ըլլալը սիրով շաղախուած է, ուր գլուխ եւ մարմին մի եւ անբաժանելի են, ուր տէրը` ամուսինը Քրիստոսի կը նմանցուի, իսկ հնազանդը` կինը եկեղեցւոյ: Հոս ամենավսեմ պատկերը կայ ընտանիքին»:
Տէր հայրը շեշտեց, որ հայ կնոջ դերը անփոխարինելի է հայ ընտանիքը պահելու եւ հայ քրիստոնէական արժէքներով օժտուած զաւակներ դաստիարակելու առաքելութեան մէջ: Հայ կինն ու մայրն են, որ հայ լեզուն եւ հայերէն աղօթքը պահեցին եւ պահպանեցին եւ իրենց հետ բերին տեղահանութեան ճամբաներէն` փոխանցելու համար նոր սերունդներուն:
Իր զեկուցումին վերջաւորութեան Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանը աւելցուց, որ այսօր հայ կինը հեռացաւ իր աւանդական պարտականութիւններէն, ան դարձաւ ամուսնոյն օժանդակող եւ ընտանիքին նիւթականի սատարող. ճիշդ այդ պատճառով այսօր հայրը եւս դեր ունի զաւակներու դաստիարակութեան աշխատանքին մէջ, զաւակներուն մօտէն հետեւելու եւ տան մէջ հոգեպէս եւ Ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալու: Դասախօս քահանան ներկաներուն հետ այս նիւթին շուրջ շինիչ զրոյց մը ունեցաւ:
Ապա ան պատասխանեց ներկաներուն լուսաբանական հարցումներուն: Մասնակիցները հարց տուին ընտանեկան յարաբերութիւններու եւ հարցերու մասին եւ անոնց լուծման յարմար առաջարկներ լսեցին քահանայէն:
Հոգեւոր սնունդի օրը յոյս ներշնչեց ներկաներուն, եւ անոնք հոգեպէս վերանորոգուած եւ հոգեւոր վերելքով զինուած` վերադարձան իրենց տուները, դրական ակնոցներով օժտուած մօտենալու համար իրենց առօրեային:
«Ճնշուածութեան կառավարում» դասընթացքը տակաւին կը շարունակուի կայանալ շաբաթական դրութեամբ մինչեւ յունիսի վերջը, իսկ ներկայացուելիք նիւթերը պիտի ըլլան` «Հարցերու կառավարում», «Հասկնալ մեր զաւակներուն հոգեբանութիւնը եւ անոնց դիմագրաւած ճնշուածութիւնը», «Դաշտանադադարը եւ ճնշուածութիւնը արդեօք իրարու հետ ուղղակիօրէն առնչուա՞ծ են», «Տարբեր մշակոյթներու մօտեցումները»: Ինչպէս նաեւ կան մարզանք եւ պարի երկու տարբեր հանդիպումներ:
Այս ծրագիրը Ճինիշեանի բարգաւաճման բաժանմունքին մէկ մասնիկն է, յառաջիկային պիտի անդրադառնանք բարգաւաճման մնացեալ ծրագիրներուն:
Վկայութիւններ
1.- Լենա Գույումճեան-Օղկասեան
Նախ շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ Ճինիշեան հաստատութեան, որ ընծայած է այս գեղեցիկ դասընթացքներուն առիթը:
Շատ բաներ սորվեցանք, այս նիւթերէն մաս մը նախապէս գիտէինք, բայց չունէինք յարմար առիթը` գործադրելու: Աւելի ինքնավստահ դարձած ենք: Միշտ հայ մայրը, հայ կինը եղած է ընտանիքին իտէալը, ընտանիքին սրբութիւնը պահողը: Կը քաջալերեմ բոլոր մասնակցողները, որովհետեւ անոնք շատ մեծ կարողութիւններ ունին:
2.- Մարօ Ընգապապեան
Շատ ուրախ եմ, որ այս դասընթացքին մասնակցեցայ, որովհետեւ հոգեպէս ուրախ զգացի, չգիտցածներս սորվեցայ, սորվեցայ համբերել:
3.- Մարալ Պարսումեան
Այս դասընթացքներուն անդրադարձանք, որ մեր շրջանակին մէջ կիները ընդհանրապէս նոյն մտահոգութիւնները ունին: Իրարու հետ կիսեցինք մեր մտածումները, հասկցանք, որ արտաքինով պէտք չէ դատենք ամէն ինչ, նկատեցինք, որ նոյն մտահոգութիւնները ունինք` զաւակներու դաստիարակութիւն կամ ընդհանուր այլ հարցերու գծով, ուստի կրնանք խմբակ մը կազմել, որ ապագային ուրիշ աշխատանքներու ձեռնարկենք եւ մեր շրջապատին մէջ արդիւնաւէտ մթնոլորտ փորձենք ստեղծել:
4.- Ես Լիզան եմ, կը մասնակցիմ այս հոգեբանական հանդիպումներուն, որոնք շատ օգտակար եղան ինծի համար, որովհետեւ խօսուեցաւ տարբեր հարցերու մասին, որոնք ճնշուածութիւն կը պատճառեն յատկապէս կիներուն: Հարցեր, որոնք կան գրեթէ բոլոր ընտանիքներուն մէջ, եւ որոնց կարելի է շատ դիւրին եւ հեզասահ լուծումներ գտնել: Շատ շնորհակալ եմ, շատ լաւ նախաձեռնութիւն է:
5.- Անի Չալըքեան
Կը հիանամ Վարուժ Մազմանեանին հաւատքի զօրութեան վրայ: Ան իր պատմուածքներով եւ աղօթքով կրցաւ դպչիլ բոլոր ներկաներուն սրտերուն: Հակառակ անոր որ ինք գիտութեան մարդ է, թուաբանութեան դասախօս, հիացուց բոլոր ներկաները:
- 0 Comments
- 77 views
- Tweet
Email
Print



