Saturday May 25, 2013

«Տերսիմցի Հայերու Միութեան» Նախագահ Միհրան Փրկիչի Ցնցիչ Յայտարարութիւնները. «Տերսիմի Բնակչութեան 75 Առ Հարիւրը Հայկական Ծագում Ունի»

By adminx - Thu May 17, 7:40 am

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ «Հապեր Վաքթիմ» կայքէջին վրայ հրատարակուած է Տերսիմցի հայերու միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչի հետ կատարուած տեսակցութիւն մը: Փրկիչ նախապէս մահմետական ըլլալով հանդերձ հետագային իր անունն ու կրօնը փոխած է, վերադարձած է հայութեան ու հիմնած է միութիւն մը: Ան հետաքրքրական յայտարարութիւններ կատարած է տերսիմցիներուն մասին, ըսած է, որ տերսիմցիներուն 75 առ հարիւրը հայկական ծագում ունի: Հայկական ծագում ունի նաեւ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Գըլըճտարօղլու, որ սակայն կ՛ուրանայ իր ծագումը: Ժողովուրդը «գաղտնի հայեր» կը կոչէ այն հայրենակիցները, որոնք հայկական ծագում ունին եւ կը թաքցնեն, որոնք մահմետականներու նման կ՛ապրին: Ասոնք նախապէս կը թաքցնէին իրենց հայկական ծագումը, սակայն հիմա այլեւս թաքցնելու պահանջ չեն զգար: Եկեղեցւոյ մէջ կը մկրտուին եւ քրիստոնեայ կը դառնան: Իրենց թրքական անուններն ալ կը փոխեն եւ կ՛առնեն հայկական անուններ: Մկրտուելով հայութեան վերադարձող այս հայրենակիցները «Տերսիմցի հայեր» անունով միութիւն մըն ալ հիմնեցին: Միութեան նախագահն է Միհրան Փրկիչ, որ երկու տարի առաջ կրօնափոխ եղած է արդէն, որ Սիւլէյման անունը փոխած է եւ առած է Միհրան Փրկիչ անունը:

Միհրան Փրկիչ «Ագիտ» թերթի աշխատակից Ֆաթիհ Աքքայային հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, որ ինք ներկայիս կոչ կ՛ուղղէ, որ գաղտնի հայերը այլեւս վերադառնան իրենց բուն ինքնութեան եւ յայտարարեն, թէ հայ են: Առաջ կը վախցուէր, բայց հիմա վախնալու բան չկայ:

Միհրան Փրկիչ կ՛ըսէ, որ իրենց միութիւնը 70 անդամ ունի: Իսկ այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ մէջ իբրեւ մահմետական երեւցող հայերուն թիւը ի՞նչ է, Փրկիչ կու տայ հետեւեալ պատասխանը. «Մենք չենք կրնար ըսել: Մենք կ՛ուզենք, որ մարդիկ իրենք յայտարարեն առանց վախնալու, մէջտեղ թող ելլեն: Օրինակ` Տերսիմի ժողովուրդին 75 առ հարիւրը հայկական ծագում ունի: Ասոնց մէկ մասը ալեւի դարձած է, մէկ մասն ալ` քիւրտ: Այլեւս իրարու խառնուած են: Մեր նպատակն է ապահովել, որ Տերսիմի մէջ ապրող եւ հայկական ծագում ունեցող հայերը ազատօրէն յայտարարեն իրենց պատկանելիութիւնը եւ ժամադրուին իրենց ազգային մշակոյթին հետ:

Փրկիչ ըրաւ նաեւ հետեւեալ ցնցիչ դիտողութիւնը. «Եթէ Տերսիմ ըսուի, այժմ ամէնէն առաջ կը յիշուի Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ Քեմալ Գըլըճտարօղլուն: Շատ յստակ է, որ Գըլըճտարօղլուի մայրը հայ է: Բայց Գըլըճտարօղլու կը նախընտրէ մերժել այս կէտը: Ինչպէս որ կը մերժէ նաեւ, որ քիւրտ է: Մինչդեռ Տերսիմի մէջ ամէն մարդ գիտէ այս ճշմարտութիւնը: Գըլըճտարօղլուի ծննդավայրը` Նազիմիէ, հայաբնակ վայր էր: Արդարեւ, անոր մօր անունը Էմոշ է: Եմոշ ըսողներ ալ կան: Գըլըճտարօղլու ասիկա ուրանալով կը նախատէ իր մայրը»:

Երբ լրագրողը հարցուց, թէ Գըլըճտարօղլուի հետ բնաւ խօսեցա՞ն, որպէսզի զայն հրաւիրեն իր ծագումը բացէ ի բաց յայտարարելու, Փրկիչ պատասխանեց, որ այդպիսի պահանջ չզգացին, որովհետեւ Գըլըճտարօղլու արդէն կ՛ուրանայ:

Միհրան Փրկիչ խօսեցաւ նաեւ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան տերսիմցի երեսփոխան Հիւսէյն Այկիւնի մասին եւ ըսաւ, որ այս անձը շատ ջերմ մերձեցում ունի հայերուն նկատմամբ: Իր մասին ինք բան մը ըսել պիտի չուզէ, Այկիւն ի վիճակի է ինքզինք արտայայտելու: Հա՞յ է, թէ՞ ոչ, ինք պէտք է ըսէ: Իսկ մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ո՛վ հայ է, ո՛վ չէ: Ո՛ր ցեղախումբերը հայկական են եւ ո՛ր ցեղախումբերը հայկական չեն: Կարեւորը իրենց արտայայտուիլն է:

 

Leave a Reply

Advertisement