Իպրահիմ. «Մաուլաուիի Ձերբակալումը Գրաւուած Նաւուն Եւ Սուրիոյ Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի»
By adminx - Wed May 16, 7:38 am
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանի մէջ հրատարակուող արաբական թերթերու լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ տակաւին ժամանակը չէ հասած Շատի Մաուլաուիի ձերբակալման բոլոր մանրամասնութիւնները բացայայտելու, որովհետեւ ընդհանուր ապահովութեան աշխատանքը կ՛ընթանայ առաւելագոյն գաղտնապահութեամբ` անոր յաջողութիւնը ապահովելու միտումով:
Իպրահիմ յայտնեց, որ Մաուլաուիի թղթածրարը փշոտ է ու բարդ` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին հետապնդումը կը կատարուի 13 օրէ ի վեր, եւ այդ մասին տեղեակ են միայն պատկան մարմինները:
«Մաուլաուիի թղթածրարը ունի միջազգային բնոյթ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ներքին գործոց նախարարին կողմէ Մաուլաուին ձերբակալող սպային հետ կատարուած ներքին հետաքննութեան եւ անոր նկատմամբ որդեգրուելիք հաւանական կարգապահական տնօրինումներուն` Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք իբրեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն ենթակայ է ներքին գործոց նախարարութեան, որուն հետ գործակցութիւնը հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ եւ այդ իմաստով ոչ մէկ հարց կայ: Ան ընդգծեց, որ իր հեղինակութիւնը դատական իշխանութիւններն են եւ ոչ թէ այս կամ այն փողոցին անկիւնը հսկող «ղեկավարները»:
Իպրահիմ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ձերբակալուած ահաբեկչական ցանցը կապեր ունի զէնք փոխադրող գրաւուած նաւուն հետ: Ան ըսաւ, որ Մաուլաուին ձերբակալելու այս գործողութիւնը ոչ մէկ կապ ունի Սուրիոյ հետ:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ քաղաքականութեան միջեւ յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Իպրահիմ յայտնեց, որ ընդհանուր ապահովութիւնը քաղաքականութեան մէջ խուլ է, բացի երբ ան կը փափաքի քաղաքական տեղեկութիւններ հաւաքել:
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print



