Wednesday May 22, 2013

Հաղորդագրութիւն

By adminx - Wed May 16, 7:14 am

Այսու կու գանք յայտարարելու, թէ 10, 11 եւ 12 մայիս 2012 թուականին, իրաքահայ թեմը գումարեց իր Պատգամաւորական ժողովը` Պաղտատի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

Ազգային կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով ժողովին ներկայ էին Իրաքի մէջ գործող հոգեւոր հովիւներն ու Պասրայի, Քերքուքի, Մուսուլի, Զախոյի եւ Աւզրուկի թաղական խորհուրդներու անդամները, իսկ Էրպիլի, Տըհոքի եւ Հաւրէզքի յանձնախումբերը:

Ժողովը միաձայնութեամբ վերընտրեց Գերշ. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանը առաջնորդ Իրաքի հայոց թեմին յաջորդ քառամեայ շրջանին համար` իններորդ անգամ ըլլալով: Սրբազան առաջնորդի այժմու առաջնորդութեան ժամանակամիջոցը լրացաւ 5 մայիս 2012-ին:

Ժողովին ընթերցուեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ շրջաններու գործունէութեանց տեղեկագիրները, ապա քննութեան ենթարկուեցան նախորդ շրջաններու եղած աշխատանքները:

Ժողովը կեդրոնացաւ ազգային ընդհանուր հարցերու վրայ. երկրին մէջ տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական աննպաստ պայմաններուն պատճառով ստեղծուած նոր վիճակը, արտագաղթը եւ ներքին տեղաշարժերու պատճառով կազմուած նոր համայնքներու հարցերը եղան կարեւոր խնդիրները, որոնցմով զբաղեցաւ ժողովը:

Ժողովը ծանրացաւ նաեւ հոգեւորականներու հետ առնչութիւն ունեցող հարցերու վրայ:

Ուսումնական հարցը եւս հետաքրքրական հանդիսացաւ ժողովին օրակարգերուն մէջ: Այս առնչութեամբ Ազգային առաջնորդարանը ջանք չի խնայեր մեր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան զարգացման գործին` պետական ծրագիրներու կողքին:

ԴԻՒԱՆ
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Leave a Reply

Advertisement