ՀՅԴ-ի Հետեւողականութիւնը Յարգանքի Արժանի Է
By adminx - Sat May 12, 7:44 am
- 0 Comments
- 101 views
- Tweet
Email
Print
Քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեան երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն այլ ուժերու նման անծանօթ եւ պատահական մարդիկ չէ ներգրաւած իր համամասնական ցուցակին մէջ, ինչ որ յարգանքի արժանի է:
Քաղաքագէտը նշեց, որ ինք ցուցակին մէջ նոր մականուններ չտեսաւ, բոլորը դաշնակցական գործիչներ են եւ ինք Դաշնակցութեան ցուցակը բնականոն նկատեց: «Իրենք այլ մարդիկ չբերին իրենց ցուցակին մէջ: Իմ կարծիքովս, այդ է պատճառը, որ Դաշնակցութիւնը անցաւ 5 առ հարիւրի շէմը այդ բաւական ծանր պայքարին մէջ, երբ կ՛օգտագործուէր վարչական աղբիւրը, երբ իրենք չունէին մեծ պաշտօններ: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա կու գայ անկէ, որ անոնք հետեւողական էին: Ես տեսայ, որ անոնց սկզբունքները բոլոր հարցերուն մէջ նոյնն էին` հայ-թրքական յարաբերութիւններէն սկսեալ մինչեւ ընկերային հարցերը», նշեց քաղաքագէտը:
Գրիգորեան աւելցուց, որ ցուցակներուն մէջ նախկին նախարարներ կային, որոնք առաջին դիրքերը կը գրաւէին, բայց օրինակ բոլորն ալ գիտեն, որ Լեւոն Մկրտչեանը դաշնակցական է եւ պատահական որոշ տեղէ մը չէր յայտնուած կուսակցութեան ցուցակին մէջ:
- 0 Comments
- 101 views
- Tweet
Email
Print




