Friday May 24, 2013

Յունաստանի Ծայրայեղ Ազգայնականները Գաղթականները Պիտի Արտաքսեն Եւ Թուրքիոյ Սահմանը Ականապատեն

By adminx - Sat May 12, 7:21 am

Նիքոլայոս Միհալոլիաքոս

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէներուն 7 առ հարիւրը ստացած ծայրայեղ աջակողմեան «Ոսկէ լուսաբաց» կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներէն է գաղթականներու արտաքսումն ու Թուրքիոյ հետ սահմանի ականապատումը:

Նշեալ նոր նացիական կուսակցութեան ղեկավար Նիքոլայոս Միհալոլիաքոս օրաթերթի լրագրողի այն հարցումին, թէ խորհրդարան մուտք գործելէ ետք անոնց առաջին քայլը ի՞նչ պիտի ըլլայ, պատասխանած է. «Երկրէն դուրս պիտի շպրտենք միլիոնաւոր օտարերկրացիներն ու ապօրինի գաղթականները, որոնք մեր հայրենիքը եկած են առանց մեզի հարցնելու: Յունաստանը մերն է եւ միայն մեզի կը պատկանի»:

Իսկ այն հարցումին, թէ իրենք այդ ծրագիրը ինչպէ՞ս կը պատրաստուին իրականացնել, Միհալոլիաքոս պատասխանած է. «Ձեր երեւակայութիւնը օգտագործեցէք»:

1974-ին զինուորական բռնապետութեան անկումէն ետք ասիկա առաջին անգամն է, որ ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւն մը խորհրդարանին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլայ:

Յունաստանի քաղաքական ճգնաժամը կը խորանայ եւ երկիրը դէպի մէկ այլ արտակարգ  ընտրութեան կարօտող քաղաքական անել կ՛ուղղուի, որովհետեւ ծայրայեղ ձախակողմեան Սիրիզա կուսակցութեան ղեկավարը, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու թեկնածու է, բացառեց երկու մեծ կուսակցութեանց հետ համաձայնական կառավարութեան մը կազմութեան գաղափարը: Ալեքսիս Ցիփրաս յայտնեց, որ յոյն քուէարկողները կիրակի օրուան խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին մերժած են Եւրոպական Միութեան հետ գոյացած տնտեսական սեղմումի համաձայնութիւնը, որ չեղեալ եւ անվաւեր է: Ան կեդրոն աջ եւ կեդրոն ձախ կուսակցութեանց ղեկավարներուն կոչ ուղղեց համաձայնութիւնը յետս կոչելու: Սակայն ընկերվարական ՓԱՍՕՔ-ի ղեկավար Էւանկելոս Վենիզելոս, որ 130 միլիառ եւրոյի օժանդակութեան համաձայնութեան շուրջ բանակցեցաւ յայտնեց, որ ինք միայն մաս կը կազմէ կառավարութեան մը, որ եւրոյի եւ Եւրոպայի կողմ է:

Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Անթոնիս Սամարաս, որուն ամէնէն առաջ կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը յանձնուած էր եւ ձախողած էր, մերժեց կառավարութեան մաս կազմել` յայտնելով, որ Ցիփրասի ծրագիրները Յունաստանը պիտի քանդեն:

Leave a Reply

Advertisement