Thursday May 23, 2013

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. «ՆԱՔ-ԱՈՒԹԻ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿԵՄ ՓԵՐԵՍԸ» Կ՛ԸՍԷ ԿԱՐՉԻՆԵԱՆ

By adminx - Fri Apr 08, 6:07 am

Երկրորդ թեթեւ կշիռի IBF-ի, WBC-ի եւ WBA-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Վախտանկ Դարչինեան իր ունեցած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ երբ յառաջիկայ 23 ապրիլին Լոս Անճելըսի մէջ ճակատի առաջին թեթեւ կշիռի IBF-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Ճոնի Փերեսի դէմ, նաք-աութի պիտի ենթարկէ իր մրցակիցը:

«Շատ զօրաւոր մարզումներ կը կատարեմ ամէնօրեայ դրութեամբ: Ատկէ մեկնելով` համոզուած եմ, որ յաղթանակս պիտի արձանագրեմ նաք-աութով: Չեմ ուզեր, որ այս մրցումին յաղթականը որոշողները ըլլան իրաւարարները: Կու գամ ըսելու, որ ներկայ հանգրուանին ինքզինքս աւելի զօրաւոր կը զգամ, քան` նախապէս», ըսաւ Դարչինեան:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement