Thursday Jun 20, 2013

Երիտասարդական Պրիսմակ. Յետ Քայլարշաւի Խորհրդածելի Պատառիկներ

By adminx - Thu May 10, 5:48 am

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ապրիլեան խոհերու մատեանը փակուա՞ծ պէտք է նկատել ի տես այն հոգեպարար տեսարանին, որ ուրուագծուեցաւ լիբանանահայութեան կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւով` դէպի թրքական դեսպանատուն:

Անսովոր իրադարձութի՞ւն մը համարել այն մարդկային հեղեղը, որ ապրիլի 24-ի առաւօտուն, յետ աստուածահաճոյ պատարագին, նախնեաց կտակին ականջալուր` ընթացք կ՛առնէր բռնցքացած հոգիներու տողանցքով, յանուն մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:

Գաղութահայ  թէ հասարակական կեանքի ճանապարհին սոսկ ապշեցուցիչ արա՞րք էր, միասնականութեան խորհո՞ւրդ, տարերային պոռթկումի անցողակի զգացողութի՞ւն, թէ՞ քաղաքական կամքի, հաւատամքի, քաղաքացիական հասունութեան, հայաբորբ ներաշխարհի, ազգային արժանապատուութեան եւ պահանջատէրի գիտակից արտայայտութիւն:

Այլապէս, ինչպէ՛ս բացատրել  մամիկներու ու պապիկներու լուռ եւ անտրտունջ դէպի վեր` թրքական դեսպանատուն բարձրանալու ուխտը,  երէցներու հոգեպինդ եւ խորասոյզ նայուածքները, երիտասարդութեան վարակիչ ու խրոխտ խանդավառութիւնը, նորածին զաւակներու ընկերակցութեամբ` հայրերու ու մայրերու հպարտանքը, պարման-պարմանուհիներու փայլատակող եւ վրէժխնդիր աչերը, այո՛, դէպի թրքական դեսպանատուն հասնելու եւ բողոքելու, անխտի՛ր բոլորի վճռակամութիւնն ու հայավայել կեցուածքը ցոյց տալու:

Յիրաւի, այս բոլորի առընթեր ինչպէ՛ս չյիշել սա քանի մը յիշարժան պատկերները…

Ա.- Հայկազեան համալսարանի արաբ ուսանողուհիներու քայլարշաւին մասնակցութիւնը: Փաստօրէն, երբ անոնց բացատրուած էր եղելոյթին իմաստն ու նպատակը, անոնք անվարան ընդառաջած էին սրտի կանչին եւ եռագոյն դրօշին ներքեւ` ուզած էին հաղորդ դառնալ հայութեան ցաւին ու բողոքին:

Ի դէպ, ուսանողներէն մին, որ առաջին անգամն էր, որ իրազեկ կը դառնար Հայոց ցեղասպանութեան մասին` համալսարանին մէջ կատարուած ոգեկոչման հանդիսութեամբ մը, անմիջապէս որոշած էր իր կարգին կեցուածքով մը հանդէս գալ եւ անհատական քարոզարշաւի մը ձեռնարկել, իր դիմատետրին (facebook) վրայ տեղադրելով Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող որմազդ մը:

Բ.- Հակառակ այն իրողութեան որ լիբանանահայութիւնը տարբեր առիթներու թէ ոգեկոչման հանդիսութիւններու ընթացքին արժանահաւատօրէն փաստած էր իր ներկայութիւնն ու ցոյց տուած իր բողոքի եւ ցասումի տարողութիւնը` յայտնապէս ապրիլեան քայլարշաւներու ընթացքին, բայց եւ այնպէս այս անգամ առաւել եւս արժանացաւ տեղացիներու հիացմունքին, եւ անոնք սրտակցութիւնը արձանագրեցին` մերթ պատշգամներէն բարձրաձայն ողջունելով քայլարշաւի մասնակիցները, մերթ` ճամբու եզրին կանգնած` սրտագրաւ բացագանչութիւններով վեր առին հայութեան պահանջատիրական ոգին ու հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահելու օրինակելիութիւնը:

Գ.- Յաջորդող օրերուն, ճիշդ է, որ լիբանանեան թէ միջազգային զանգուածային լրատուական ցանցեր մեկնաբանեցին եւ ըստ արժանւոյն արձագանգեցին  քայլարշաւին, այդուհանդերձ, նկատառելի բացթողումներու դէմ յանդիման գտնուեցան մեծ թիւով հայեր, որոնք ստիպուեցան անհատական բացատրութիւններու թէ ընձեռուած կարելիութիւններու միջոցով քարոզչական աշխատանք տանիլ  յատկապէս տեղական շրջանակներու մօտ, որոնք կ՛ուզէին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալ ընդհանրապէս Հայաստանի, սփիւռքահայութեան եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Այս առումով, ո՞ւր  է այն հիմնարկ-կեդրոնը,  որ պարփակած ըլլայ ամէն տեսակի քարոզչական համապատասխան կարելիութիւն (խտասալիկ, տպագիր թէ ելեկտրոնային միջոցներ, պատկերներ եւ կամ իրեր), այլ ասած կայ անհրաժեշտութիւնը արխիւ-դարաններու` բազմալեզու եւ մատչելի, որպէսզի կարելի ըլլայ յագեցնել, մանաւանդ օտարի պապակը, հայութեան ու անոր դատին մասին պատկառելի տեղեկութիւն փոխանցելու եւ զայն ճիշդ կողմնորոշելու համար:

Արդեօք  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ժամանակը չէ՞ հասած իսկական մէկութեան գաղափարախօսութեան ցոլքերը վայելելու հաւաքաբար, հաստատութենական մտածողութեամբ պարուրելու մեր աշխատանքները եւ արհեստավարժ ընկալումով ներկայանալու հայ թէ օտար շրջանակներու:

Բարեբախտաբար ունինք նորահաս երիտասարդական փաղանգներ, որոնք իրենց գիտութեամբ սպառազինուած եւ թարմութեամբ բոցկլտուն, կ՛ուզեն իրենց մտայղացումներուն եւ տեսլականներուն շօշափելիութիւնը տեսնել, գէթ վերոնշեալ բնագաւառներուն մէջ, սակայն, անոնց կը զլացուի կարելիութիւններն ու կարողականութիւններու յայտնաբերման առիթները:

Ա՛լ բաւ է կարգախօսերու եւ անհեռանկար վարքագծերու յագուրդ տալ, պէտք է անյապաղ  լծուիլ գիտութեամբ խօսելու հրամայականին:

Յայտնապէս գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ կրկին ու բազմիցս  շեշտենք միջազգային լեզուով (քարոզչամիջոց) խօսելու անհրաժեշտութեան վրայ, ընդգծելէ ետք  այս բնագաւառի պիտանի եւ նպատակասլաց գործունէութիւններու որդեգրումը, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս գալ դասական եւ հնաոճ սովորութիւններէ:

Միթէ քայլարշաւին մասնակից բազմահազար հայորդիներու բռնցքացած հոգիներէն ճառագայթող պատգամը նաեւ այս չէ՞ր պարփակեր:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement