Փորձ-Հարցարան. Որոշում Տալ Գիտէ՞ք
By adminx - Thu May 10, 5:32 am
Կեանքի մէջ որոշում տալ գիտէ՞ք, թէ՞ ընտրանք մը կատարելը մղձաւանջ է ձեզի համար: Արագ եզրակացութեան մը կու գա՞ք, թէ՞ յաճախ ուրիշին կը դիմէք որոշում մը տալու համար:
Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1
Երեկոյթի մը հրաւիրուած էք`
ա.- Մինչեւ վերջին վայրկեանը չէք գիտեր` ի՛նչ պիտի հագնիք:
բ.- Կը հրաժարիք երթալէ, քանի որ հագնելիքի որոշումը շատ ծանր կը կշռէ ձեր վրայ…
գ.- Քանի մը հագուստ փորձելէ ետք եզրակացութեան մը կու գաք:
2
Ձեր մասին կ՛ըսուի, թէ`
ա.- Անհատականութիւն ունեցող անձ էք:
բ.- Ձեզի հետ ապրիլը հեշտ է:
գ.- Յաճախ ուրիշին հետեւող անձ էք:
3
Ձեզի համար որոշում տալ կը նշանակէ`
ա.- Հրաժարիլ:
բ.- Լաւագոյն կարելիութիւնը գտնել:
գ.- Կացութեան մը լաւ եւ գէշ կողմերը չափել:
4
Անգամ մը որ որոշում մը տուիք,
ա.- Կը զղջաք ձեր որոշումին համար:
բ.- Քիչ թէ շատ գոհ էք:
գ.- Որոշ տատամսում մը ունիք:
5
Արհեստ մը որոշելը`
ա.- Դիւրին է, եթէ ձեր կարողութիւններուն ծանօթ էք:
բ.- Բաւական բարդ է, քանի որ շատ մը արհեստներով հետաքրքրուած էք:
գ.- Իսկական տառապանք մըն է:
6
Պատահած է, որ կարեւոր որոշում մը տաք`
ա.- Դուք ձեզի համար:
բ.- Ձեզի եւ ուրիշներու համար:
գ.- Ոչ ձեզի եւ ոչ ուրիշին:
7
Սիրոյ մէջ`
ա.- Յաճախ կը տատամսիք, որ ճիշդ ընտրութիւն կատարա՞ծ էք:
բ.- Վստահ էք ձեր ընտրութենէն:
գ.- Կը ձգէք, որ յառաջիկայ օրերը որոշեն ձեր ընտրութեան ճիշդ թէ սխալ ըլլալը:
8
Վանի՞լ, թէ՞ տուրմ…
ա.- Վանիլ:
բ.- Վանիլ եւ տուրմ:
գ.- Կը մտածէք, դժուա՛ր է որոշելը:
9
Բարեկամներով շարժասրահ կամ ճաշարան պիտի երթաք`
ա.- Ձեր նախասիրութիւնը անմիջապէս կը յայտնէք:
բ.- Եզրակացութեան մը չէք գար:
գ.- Կը ձգէք, որ միւսները որոշեն:
10
Ո՞վ կ՛որոշէ ձեզի համար…
ա.- Դո՛ ւք:
բ.- Քիչ մը դուք, քիչ մը ուրիշներ:
գ.- Կեանքը:
| 1 | 2 | 3 | 4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | 10 | |
| ա | 2 | 3 | 1 | 1 | 3 | 2 | 1 | 3 | 3 | 3 |
| բ | 1 | 2 | 2 | 3 | 2 | 3 | 3 | 1 | 2 | 2 |
| գ | 3 | 1 | 3 | 2 | 1 | 1 | 2 | 2 | 1 | 1 |
ԱՐԴԻՒՆՔ
- Եթէ 25 կէտէն աւելի հաւաքեցիք, ձեզի համար որոշում տալը դժուար գործ մը չէ: Գիտէք տրամաբանական ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կացութեան մը դրական եւ ժխտական կողմերը չափել եւ որոշումի մը յանգիլ:
Նոյնպէս ալ` դիւրաւ ընտրութիւն կը կատարէք, ինչ կը վերաբերի ձեր հագուածքին, ուտելիքին, գործի տեսակին թէ բարեկամներու ընտրութեան մէջ:
Ճիշդ է, երբ ձեր մասին կ՛ըսուի, թէ ձեզի հետ ապրիլը դիւրին է:
***
- Եթէ 15-25 կէտ հաւաքեցիք, յաճախ շփոթի մատնուած էք եւ չէք գիտեր ի՛նչ ընտրել, ի՛նչ ըսել, ո՛ւր երթալ… կը դժուարանաք որոշում տալու եւ կը ձգէք, որ ժամանակը ի՛նք որոշէ ձեր տեղը:
Ժամանակն է, որ սկսիք պզտիկ որոշումներ տալու, որպէսզի քիչ-քիչ նախաձեռնէք աւելի մեծ որոշումներու:
***
- Եթէ 15 կէտէն պակաս հաւաքեցիք, կը դժուարանաք որեւէ որոշում տալու, յաճախ կը ձգէք, որ ուրիշը ձեր տեղ որոշէ: Թերեւս աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ, եթէ մօտիկ բարեկամուհիի մը դիմէք, որպէսզի օգնէ ձեզի մտածելու, հարցերը յստակ տեսնելու, կացութիւններուն դրական եւ ժխտական կողմերը տեսնելու, եւ կամաց-կամաց որոշումներ տալու:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Գործնական Թելադրանքներ
1
Որպէսզի ձեր շրթները ամբողջ օր մը դիմանայ, անհրաժեշտ է ծալուած անձեռոցիկով մը սրբել շրթներկի աւելորդ մասը (անձեռոցիկը շրթներուն միջեւ թեթեւ սեղմելով), յետոյ անգամ մը եւս շրթներկ քսել եւ աւելցնել անգոյն փայլ:
Շրթներկին հետ անպայման մատիտ օգտագործել, որպէսզի ներկը չտարածուի եւ շուրթերը գրաւիչ տեսք ունենան:
Մասնագէտներու կարծիքով, թելադրելի է շրթներկի գոյնին համապատասխան մատիտ` արտառոցութիւններէ հեռու մնալու համար:
2
Եթէ ձեր սրունքներուն մէջ ծանրութիւն կը զգաք, խուսափեցէք տաք լոգանքներէն, սոնայէն, կիզիչ արեւէն:
Նաեւ հրաժարեցէք բարձրակրունկ կօշիկներէն, շատ նեղ ճինզ տաբատներէն եւ մինչեւ ծունկ բարակ գուլպաներէն, որոնց էլասթիքը կը սեղմէ եւ կը խանգարէ արեան շրջագայութիւնը:
3
Շերտուած սմբուկը սպունգի նման ձէթ կը ծծէ տապկուելու պարագային:
Այս անպատեհութեան առաջքը առնելու համար շերտերը նախապէս հաւկիթի ճերմկուցի մէջ թաթխեցէք:
4
Ձեռքերը փափկացնելու, բայց նաեւ մատներուն վրայէն ծխախոտի նիքոթինին պատճառած դեղին արատները մաքրելու համար զանոնք յաճախ շփեցէք կիսուած կիտրոնով մը:
5
Եթէ ձեր երեխան գիշերը վախազդու երազներ կը տեսնէ, առաւօտեան, փոխանակ բացատրութիւններ եւ խրատներ տալու, թուղթ ու մատիտ տուէք, որպէսզի այդ վախազդու կերպարները գծէ, ապա աւարտելէն ետք թուղթը ճմռթքել տուէք եւ աղբը նետեցէք: Ըստ մանուկներու հոգեբաններու, այս հնարքը բաւական ազդու միջոց մըն է, որպէսզի ձեր երեխան ձերբազատի գիշերային մղձաւանջներէն:
Ձեռային Աշխատանք
Ինչպէ՞ս Օգտագործել
Հին Շապիկները
Ա.- Բարձեր

Գիւղի տան, շալէի կամ նստասենեակի գեղեցիկ բարձի երեսներ կարելի է պատրաստել անգործածելի շապիկներով:
Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, շապիկին թեւերը կտրուած են, չորս կողմէն կարուած եւ վերածուած է համակրելի բարձի մը…
Բ.- Գաւաթի բռնակներ

Շապիկին թեւերուն ծայրամասերը (մանշեթները) կարելի է փաթթել գաւաթներու շուրջ: Որքան այլազան ըլլան կտորներն ու գոյները, այնքան լաւ, որպէսզի գաւաթներու շփոթ չըլլայ եւ ամէն անձ դիւրաւ զանազանէ իրը:
Գ.- Կափարիչի երիզ
Շապիկին յառաջամասի կոճակով բաժինը կարելի է փաթթել կարկանդակի մը ամանին կափարիչին շուրջ` անոր յատուկ ոճ մը տալով:
Խոհագիր
Կանկառով Աղցան
- 3 ստեպղին
- Քառորդ գաւաթ ձէթ
- 1 միջակ սոխ (մանրուած)
- 1 թէյի դգալ գինձի հատիկ (ծեծուած, ոչ փոշի)
- 2 թէյի դգալ մանրուած թարմ ծոթրին
- 4 միջակ գետնախնձոր
- Կէս գաւաթ ճերմակ գինի
- 1 գաւաթ ջուր
- Կէս հազար (մանրուած)
- 400 կրամ կանկառի սիրտ (պահածոյ կամ թարմ)
- 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
- Սեւ փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Ստեպղինը եւ գետնախնձորը միջակ մեծութեամբ խորանարդաձեւ կտրտել:
Տապակի մը մէջ տաքցնել 1 ապուրի դգալ ձէթ, աւելցնել մանրուած սոխը, գինձը եւ ծոթրինը, տեւաբար խառնելով` եփել, մինչեւ որ սոխը փափկանայ: Ապա աւելցնել մանրուած ստեպղինն ու գետնախնձորը եւ բոլորը միատեղ 5 վայրկեան եւս եփել` տեւաբար խառնելով:
Աւելցնել մնացեալ ձէթը, գինին եւ ջուրը, կրակը տկարացնել, տապակին կափարիչը ծածկել եւ 10 վայրկեան եւս եփել, մինչեւ որ բանջարեղէնները եփին:
Վերջին վայրկեանին աւելցնել պահածոյ կանկառները, 2 – 3 վայրկեան եւս խառնուրդը կրակին վրայ ձգել, ապա կրակը մարել:
Ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ պարպել արդէն իսկ պաղած բանջարեղէնները, աւելցնել հազարը, կիտրոնի հիւթը, աղն ու սեւ համեմը, զգուշութեամբ խառնել եւ սեղան բերել:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Վերադարձի՛դ Կը Սպասեմ
Գացի՜ր անխօս, անկտակ,
Առանց վերջին համբոյրի,
Ո՛չ իսկ մէկ ցո՜ւրտ նայուածքի
Լուռ գիշերուան մէջ խաւար:
Ձմրան գիշեր մ՛էր այդ օր
Երբ հոգիովն իմ անզօր`
Տեսայ նաւը քեզ տանող,
Ծովուն վրայ հեռաւոր:
Սիրտըս հիւանդ էր արդէն,
Այդ ցայգային պատկերէն,
Նաւը արդէն մեկնե՜ր էր,
Վերջին ցոլքն իսկ կը շիջէր:
Գացի՜ր, գացիր դուն անդարձ,
Գիշերուան պէս լուռ, թախծոտ,
Հոն թողլով զիս քարացած`
Քարափին վրայ քու սիրոյդ:
Լոկ հո՛ն հիմա կը շնչեմ
Շունչըդ, յոգնած ու անյոյս,
Սա՛ գիշերուան մէջ անլոյս,
Վերադարձի՜դ կը սպասեմ…:
ԹԱԹՈՒԼ ԱՅՆԷՃԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ






