Ժալ Էլ Տիպի Կամուրջին Կառուցումը Պահանջող Նոր Նստացոյց
By adminx - Wed May 09, 7:19 am
Ժալ Էլ Տիպի մէջ նոր կամուրջի մը կառուցումը պահանջող շրջանին բնակչութիւնը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն կատարեց նոր նստացոյց մը Ժալ Էլ Տիպի մէջ եւ երկու ժամուան համար փակեց մայրուղին` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում մը: Ժալ էլ Տիպի կազմաքանդուած կամուրջէն սկսեալ կանգ առած ինքնաշարժներուն շարքը հասաւ մինչեւ Նահր Քալպի փապուղի:
Ժողովուրդին կազմակերպած բողոքի նստացոյցին մասնակցեցան նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Ղասսան Մուխայպեր, Սելիմ Սալհապ եւ Իպրահիմ Քանաան, որ շեշտեց, թէ կառավարութիւնը անմիջապէս պէտք է վաւերացնէ այդ հարցին լուծումը:
Ան յայտնեց, որ երէկ առաւօտեան ստեղծուած խուճապին պատասխանատուն բնակիչները չեն, այլ պետութիւնը, որ առաւելագոյն չափով կ՛անտեսէ Մեթնի շրջանը եւ լիբանանեան շարք մը այլ շրջաններ:
Քանաան ընդգծեց, որ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել խոստացած է 15 օրէն լուծել այդ հարցը, սակայն կարելի չէ աւելի սպասել եւ արտօնել, որ քաղաքացիներուն իրաւունքները ոտնակոխ ըլլան:
Բողոքի ցոյցին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Մեթնի պատասխանատու Էտի Ապի Լամաա:





