Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Wed May 09, 7:11 am
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց բրիտանացի երեսփոխան Ճորճ Կալըուէյը, որուն հետ քննարկեց ներքին եւ արտաքին իրադարձութիւնները:
ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐ Անթուան Տահեր եւ Սուհեր Հարաքէ ընտրուեցան Դատական իշխանութիւններուն գերագոյն խորհուրդի անդամներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթին Եուսեֆ յայտնեց, որ այդ ատեանը Հըզպալլայի նկատմամբ թշնամանք չունի` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ 3 տարիներուն ընթացքին կարելի ըլլայ աւարտել դատավարութիւնները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա կոչ ուղղեց ներկայ կառավարութեան անցնող կառավարական կազմերուն նման չգործելու: Ան նկատել տուաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վերջին անձն է, որ պէտք է խօսի արժանապատուութեան մասին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Արաժի Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեց լուծել լիբանանեան հիւանդանոցներուն եւ ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին միջեւ հարցերը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ հակառակ կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտող բոլոր արգելքներուն, ներկայ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իշխել:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն իրենց զաւակները արձանագրելու լիբանանեան քաղաքացիութեամբ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան զէնքի ուժի ճնշումին տակ գտնուող ընտրական օրէնքը մերժելու իրենց կեցուածքին:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Խալետ Տահեր շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է ներում հայցէ 7 մայիսի դէպքերուն համար, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած յանցագործները յանձնէ Միջազգային դատական ատեանին:
ԹՐՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիա կը գնահատէ Լիբանանի դերակատարութիւնը` սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած օժանդակութեան եւ մարդասիրական վերաբերմունքը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ հանդիպելէ ետք երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի հետ յայտնեց, որ իրենք մտահոգ են Լիբանանի ապահովական կայունութեամբ` նկատի ունենալով Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Ան նշեց նաեւ, որ յառաջիկայ տարուան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին իրենց ճշդուած թուականին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Օմար Քարամէ նախկին նախարար Պշարա Մըրհեժի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մըրհեժ յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը Լիբանանին ապահովական կայունութիւն կը պարգեւէ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական օղակը շարժող որեւէ ծրագիր օգտակար կը նկատուի ամբողջ Լիբանանին համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը: Նշենք, որ լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի նաւահանգիստին մէջ գրաւեց գնդացիրներ եւ զինամթերք, որոնք կը գտնուէին ներածուած ինքնաշարժի մը մէջ:





