«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Աւանդութեան Վերածուած Միջդպրոցական Նկարչութեան Մրցում Եւ Մրցանակաբաշխութիւն
By adminx - Tue May 08, 7:11 am
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, շաբաթ, 5 մայիս 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի բակին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական նկարչութեան մրցանքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 22 լիբանանահայ վարժարաններէ աշակերտներ, որոնք բաժնուած էին տարիքային երեք խումբերու: Մրցանքին մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն էր 258, իսկ աւարտական հանգրուանին` 45:
Մրցանքէն ետք, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի ունեցաւ աշակերտներու գործերու ցուցադրութիւնն ու մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը: Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարիչ տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարաններու տնօրէններուն, որոնք քաջալեր հանդիսացան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Գապասաքալեան յայտնեց, որ աշակերտներուն գործերը իւրաքանչիւր անհատի հոգեկան ապրումներու եւ յուզումներու արտայայտութիւնն են: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր խումբի առաջին հանդիսացողը կը ստանայ «Թորոս Ռոսլին»-ի յառաջիկայ տարեշրջանի լրիւ կրթաթոշակը, երկրորդը` կէսը, իսկ երրորդը` քառորդը:
Մրցանակաբաշխութեան նաեւ խօսք առաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստի պատասխանատու Հրաչ Այնթապլեան, որ յայտնեց, թէ «Թորոս Ռոսլին»-ը այս նախաձեռնութեամբ կ՛ուզէ գեղանկարչութեան շուրջ աշակերտներուն մօտ ստեղծել խանդավառ եւ քաջալերական մթնոլորտ: Ապա Այնթապլեան յայտարարեց միջդպրոցական մրցանքի մրցանակակիրներուն անունները:
Ա. խումբէն (6-8 տարեկան) առաջին հանդիսացաւ Հրակ Քիւսպեքեան, երկրորդ` Բալիկ Գալայճեան եւ Ալիք ՈւրՖալեան եւ երրորդ` Յասմիկ Այնթապլեան եւ Հուրի Օհանեան:
Իսկ Բ. խումբէն (9-12) առաջին դիրքը գրաւեց Լոռի Միթիլեան, երկրորդը` Ժիրայր Փաշայեան եւ երրորդը` Մհեր-Սերժ Ճենանեան եւ Գէորգ Տէտէեան:
Վերջապէս, Գ. խումբի (13-16) առաջնութեան տիրացաւ Քրիստ Իսկենտերեան, երկրորդ դիրքը գրաւեցին Քրիսթել Սանոսեան եւ Միհրան Չեքմէեան եւ երրորդը` Նանօր Ոսկերիչեան եւ Սիմոն Մանուկեան:





