Saturday May 25, 2013

Սարքոզի Մտադիր Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը Շրջանառութեան Մէջ Դնել

By adminx - Sat May 05, 7:47 am

Նիքոլա Սարքոզի

«Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի Ազգային խորհուրդի նախագահ Ալեքսիս Կովճեանին եւ համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանին յղուած երկու անջատ նամակներու մէջ Ֆրանսայի գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը շրջանառութեան մէջ դնելու հարցին իր հաւատարմութիւնը հաստատած է:

Սարքոզի իր նամակին մէջ կը գրէ, որ «24 ապրիլին ներկայ էի Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: Ուրախ էի հանդիպելու ձեզի հետ այդ առիթով եւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ հրաւէրին համար: Ինչպէս արդէն ըսած եմ Երեւանի մէջ, ուր դուք ինծի կ՛ուղեկցէիք պետական այցելութեան ընթացքին, ապա Արսէն Չաքարեանին Պատուոյ լեգէոնի շքանշան յանձնելու ատեն, որ հայ ժողովուրդը դարձած է ամբողջ ազգի ոչնչացման առաջին ծրագրուած արշաւի զոհը: Հայ գաղթականները մեր երկրին մէջ հաւատարիմ որդիներ դարձած են եւ շատ բան տուած:

«Ֆրանսայի համար պատիւ է հալածուող հայերը ընդունիլ: Այսօր մեր երկիրը պատիւ ունի ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարելու:

«Այդ արարողութիւնը թոյլ տուած է մեզի յիշեցնել մեր հանդիսաւոր պարտաւորութեան մասին, որդեգրել օրէնք մը, որ կը պաշտպանէ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ կը քրէականացնէ ժխտումը: Յարգելով Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը, ես, այսուհանդերձ, կ՛ուզեմ, որ օրէնքի նոր բնագիրը խորհրդարան ներկայացուի արդէն յունիսին: Վստահ եղէք, որ յանուն Ֆրանսայի ես պիտի շարունակեմ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ճանաչման համար պայքարը»:

Սարքոզիի մրցակից` Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ եւս նախապէս հաստատած էր, որ իրականութեան մէջ կ՛ուզէ «նստաշրջանի սկիզբը, հանգիստ պայմաններու մէջ իրականացնել ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը: Ես համոզուած եմ, որ ատիկա պետութեան պարտքն է` ճանչնալ ցեղասպանութիւնները, որոնք ապացուցուած են պատմական հետազօտութիւններով, իսկ ժխտումը բռնութեան դրսեւորում մըն է, որ մեր հանրապետութեան մէջ տեղ չունի», նշած է ան:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement