Պըրրի Ընդունեց Էխհորեսթն Ու Սաֆատին
By adminx - Sat May 05, 7:42 am
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան զարգացումները:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին: Քննարկուեցան երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները:






