Սէյիտ Նասրալլա Շեշտեց Դիմադրութեան Ուղեգիծին Նկատմամբ Յանձնառութիւնը
By adminx - Fri May 04, 7:50 am
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան վերաբերող հարցեր:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը իր ուղեգիծէն անշեղ կը մնայ եւ յանձնառու է իր առաքելութեան: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը գիտակից է իր յաղթանակներուն եւ յառաջիկայ բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իր կարողութեան:
Սէյիտ Նասրալլա Դիմադրութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի, որ մնայուն կերպով օժանդակեց Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան, որոնք ստանձնեցին մարդկային, բարոյական եւ պատմական այդ ծանր բեռը:
Իր կարգին, Ռահիմի շեշտեց Թեհրանի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համար Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները բոլոր պարագաներուն ընթացքին:
Նշենք, որ սէյիտ Նասրալլա պատկերասփռուած կարեւոր ճառ մը պիտի արտասանէ յառաջիկայ 11 մայիսին:






