Thursday May 23, 2013

Ֆելթման Այցելեց Մարտ 14-Ի Քաղաքական Ուժերուն Մաս Կազմող Անձնաւորութիւններուն

By adminx - Fri May 04, 7:47 am

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Սայֆիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը դէմ պիտի դնեն շրջանին զարգացումներուն:

Ան աւելցուց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունենան Լիբանանի վրայ:

Ժեմայէլ ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մտահոգութիւններ ունին, որ այդ ընտրութիւնները կրնան առկախուիլ:

Ֆելթման, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի, այցելեց նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ֆելթման այցելեց նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպի բնակարանը, ուր ներկայ գտնուեցան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ:

Հարպ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ֆելթմանի:

Ամերիկացի պաշտօնատարը այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Նէյլա Մուաուատի բնակարանը:

Հանդիպումէն ետք Մուաուատ յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը ապօրինի է եւ արդէն իսկ աւարտած է իր ծառայութեան ժամկէտը:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement