Monday May 20, 2013

Խմբավարին Խօսքը

By adminx - Fri May 04, 5:46 am

Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբին այսօրուան համերգը յոբելենական է: Պատրաստելէ եւ կատարելէ ետք արդէն աւանդութիւն դարձած Սուրբ Ծննդեան համերգը, քանի մը ամիսներ ետք  կը ներկայացնենք երկարաշունչ այլ յայտագիր մը, որով կը նշենք մեր հիմնադրման 15–ամեակը: Արդարեւ, տարիներու հետեւողական ջանադրութիւնը կու գայ եզրափակելու հանգրուան մը, որ լի եղաւ դեռատի հայ սերունդները հայեցի մթնոլորտի մէջ, հայ թէ օտար, դասական թէ ժամանակակից երաժշտական արժէքներով ոգեւորելու ու սնուցանելու Համազգայինի հաւաքական, աշխուժ ու արդիւնաւէտ գործունէութեամբ:

«Կարկաչ»-ի երդիքին տակ երգեցին աւելի քան 500 փոքրիկներ եւ պատանիներ, տարեկան կանոնաւոր համերգներու կողքին մատուցու-եցան 7 Ամանորեան եւ Սուրբ Ծննդեան համերգներ, վարչական կազմերու մէջ հերթափոխեցին կամաւոր 42 համազգայնականներ, Շուշիի  «Վարանդա» քոյր երգչախումբին հետ ելոյթներ տեղի ունեցան Հայաստանի ու Արցախի մէջ, քոյր երգչախումբերուն համար հայրենի ականաւոր երաժիշտներ եւ բանաստեղծներ ծնունդ տուին 83 երգերու, 15 տարիներուն  ընթացքին կատարուեցան թիւով 445 երգեր, առանձին համերգներով նշուեցան Բարսեղ Կանաչեանի 125 եւ Ալեքսան Մնակեանի 75-ամեակները, մասնակցութիւն բերուեցաւ տարաբնոյթ բազմաթիւ ձեռնարկներու:

Հոծ բազմութեամբ յատկանշուող հանրային պաշտօնական համերգներուն զուգահեռ, «Կարկաչ»-ի աշակերտական ելոյթներուն ներկայ եղան տարեկան առնուազն 1000 աշակերտներ, երկու առիթներով ելոյթներ կազմակերպուեցան Կիպրոսի մէջ, տարբեր տարիներու  ընթացքին համերգներ տրուեցան  լիբանանեան օտար շրջանակներու կազմակերպութեամբ` այսպիսով «Կարկաչ»-ը դարձնելով լիբանանեան իրականութեան մէջ բազմաձայն հնչեղութիւն ունեցող առաջատար երգչախումբ մը. «Կարկաչ»-ին հիման վրայ ծնունդ առաւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը, ուր այսուհետեւ պիտի շարունակեն երգել նախկին կարկաչականները… եւ այս բոլորին վրայ  անդրադառնալ, որ երգչախումբը քանի մը տարիով տարեց է, քան իր այս տարուան նոյնիսկ երէց երգողներուն տարիքը…

Ահաւասիկ թուագրումը այն իրագործումներուն, որոնք «Կարկաչ»-ի ճամբով մեր գաղութինը եղան անցնող 15 տարիներուն:

Ինծի համար առանձնապէս ոգեւորող է նաեւ, որ այս տարի Արցախ աշխարհը կը պատրաստուի նշել քսան տարիներ առաջ Շուշիի մէջ իմ հիմնադրած «Վարանդա» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբին 20-ամեակը: Իսկ «Վարանդա»-ն ու Շուշի քաղաքի ազատագրումը տարեկիցներ են, ուրկէ եւ կու գայ մեր յայտագրին ամբողջական նուիրումը հերոսական այս տօնին, ինչպէս նաեւ` Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին, որուն կ՛անդրադառնանք քանի մը երգերով` նոր սերունդին մէջ փոքր տարիքէն իսկ սերմանելով սէր ու ճանաչում դէպի Արեւելքի հայ մեծագոյն աշուղին կեանքն ու վաստակը:

Այսօր մեծ ուրախութիւն է ինծի համար նաեւ վայելել Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրօֆեսէօր, երկար տարիներու խմբավարութեան ամպիոնի վարիչ, հմուտ խմբավար, բազմաթիւ երգչախումբեր ստեղծող ու ղեկավարած եւ բազում մրցանակներու դափնեկիր, բազմաթիւ խմբավարներու յենարան Իվան Վարդանեանին ներկայութիւնը: Կատարողական արուեստին զուգահեռ, մեծ հմտութիւն ունենալով մանկավարժական ասպարէզի մէջ, իր կերտած բազում խմբավարներ այսօր կը զարդարեն հայրենի թէ սփիւռքի հայ թէ օտար բեմեր: Երախտագիտութեամբ յիշելով Հայաստանի դժուարին տարիներուն զուգադիպող մեր դասերը` անձնապէս եւ յանուն Համազգայինի ընտանիքին կ՛ողջունեմ իր ներկայութիւնը մեր մէջ:

Մեծ դժուարութեամբ ընտրութիւն կատարելով` յայտագիրը կազմեր եմ անցնող 15 տարիներուն «Կարկաչ»-ին ու «Վարանդա»-ին նուիրուած առաւելաբար զուարթ ու կատակային երգերով եւ այսօր սիրով կը վերյիշեմ արդէն համալսարանական թէ կեանքի ասպարէզի բոլոր նախկին կարկաչականները ու նոյն գորովով կը համբուրեմ զիրենք: Իւրայատուկ սիրով կը գնահատեմ տարբեր տարիներուն «Կարկաչ»-ի  վարչական կազմերուն թէ շրջանային վարչութիւններուն մէջ քրտինք թափող համազգայնականները ու երգչախումբին ընկերակից դաշնակահարները: Երախտագիտութեամբ ու ջերմ սիրով կը յիշեմ նաեւ հայրենի ականաւոր տասնեակ մը բանաստեղծներն եւ երաժշտահանները, որոնք նորանոր երգերով օժտե-ցին «Կարկաչ»-ն ու «Վարանդա»-ն: Իսկ այսօրուան բեմ բարձրացող սերունդը կը գրկեմ հին ու անփոփոխ նոյն սիրով ու ջերմութեամբ եւ  իրենցմով ներշնչուած` ստեղծագործական նոր հեռանկարներ կ՛ուրուագծեմ յառաջիկայ տարիներուն համար…

ՁԵՐ` ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement