Սուրիոյ Քրիստոնեաները` Կողմերու Միջեւ Բռնուած
By adminx - Fri May 04, 5:38 am
Մինչ տարի մը տեւած հակամարտութիւնը կը բեւեռացնէ Սուրիոյ հասարակութիւնը, Պի. Պի. Սի.-ի արաբական բաժինէն Օմար Ապտէլ Ռազեք կը նկատէ, որ ուղղափառ քրիստոնեայ համայնքը մտահոգ է, որ կրնայ դժուարութիւններ դիմակայել եւ կառավարութենէն, ե՛ւ ընդդիմութենէն:
«Համալսարանը մարտի դաշտի վերածուեցաւ վարչակարգին կողմնակիցներուն եւ ընդդիմութեան միջեւ», գրած էր Ե-նամակի մը մէջ, Հալէպի բժշկական համալսարանի ուսանողուհի Լենա (անունը փոխուած է), զիս տեղեակ պահելով, որ պիտի չկարենայ համալսարանի շրջափակին մէջ ինծի հանդիպիլ, ինչպէս որ համաձայնած էինք:
Ան շարունակեց.
«Իբրեւ քրիստոնեայի` ինծի հանդէպ կասկածով կը վերաբերին երկու կողմերն ալ: Իրականութեան մէջ ես վարչակարգին ո՛չ դէմն եմ, ո՛չ ալ հիւրը»:
Լենա ըսաւ, որ ինք քաղաքականութեամբ բնաւ չէր հետաքրքրուած մինչեւ տարի մը առաջ սկսած Սուրիոյ տագնապը, երբ ինք եւ իր ընտանիքը սկսան ամէն օր խօսիլ ատոր մասին:
«Մենք հետեւեցանք պարզ օրէնքին. քաղաքականութեան մասին մի՛ խօսիք, յետոյ կրնաք այլ բան ընել:
«Անցեալին, երբ ես համալսարանի քննութիւններուս կ՛երթայի, մօրս միակ մտահոգութիւն շատ լաւ, կատարեալ ընելս էր: Այժմ անոր հիմնական մտահոգութիւնը իմ թաքսի չնստիլս է, առեւանգումներու պատճառով», ըսաւ Լենա:
Մինչ քրիստոնեայ որոշ մտաւորականներ բացայայտօրէն ընդդիմացած են նախագահ Պաշշար Ասատի եւ բանտարկուած` անոր վարչակարգին կողմէ, կը թուի, թէ մեծամասնութիւնը կը վախնայ անյայտէն, եթէ վարչակարգը տապալի:
Իբրեւ իրենց վախի հիմքեր`անոնք կը վկայակոչեն քրիստոնեաներու իրավիճակը Իրաքի եւ վերջերս Եգիպտոսի մէջ:
Ասորի ուղղափառ եկեղեցին, անցեալին Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան հիմնական եկեղեցիներէն մէկն էր: Ասորիները յունարէն փաստաթուղթերը արաբերէնի թարգմանեցին:
Երկխօսութեան Կոչ
Անոնց թիւը այժմ նուազած է 140 հազարի` ըստ Հալէպի առաջնորդ հայր Կրեկորիուս Եոհաննա Իպրահիմի:
Երբ ես անոր հանդիպեցայ իր վանքին մէջ, ես հարցուցի, թէ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը ինչպէ՞ս կը վարուի տագնապին հետ, որ վարակած է երկիրը:
Սուրիացիները կը պատկանին միայն իրենց հայրենիքին, այլ ոչ` վարչակարգին, այդ հայրենասիրութիւնն է, որ քրիստոնեաները մղած է առաջին զոհաբերութիւնը ընելու իրենց երկրին համար»:
Լուքա Խուրի Եպիսկոպոս
«Մեզ փոքրամասնութիւն մի՛ անուանէք: Մենք իւրայատուկ համայնք մըն ենք երկրին մէջ խոր արմատներով:
«Ընդդիմութիւնը եւ վարչակարգը սխալներ գործեցին: Անոնք իմաստութեան չվերադարձան, եւ արիւնը յաւելեալ արիւն բերաւ», ըսաւ ան եւ աւելցուց.
«Մենք երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղենք: Երկխօսութիւն մը, որ պէտք է ներառէ ամէն ոք, որ կը ներկայացնէ ընդդիմութիւնը, ոչ միայն անոնք, զորս կառավարութիւնը ընդդիմութիւն կը կոչէ»:
Ես հարցուցի հայր Կրեկորիոս Եոհաննայի, թէ արդեօ՞ք որոշ քրիստոնեաներ վախի ազդեցութեան տակ վարչակարգին կողմնակից եղած են:
«Տեսէ՛ք, մենք մտավախութիւններ ունինք, մենք ոչ ոքի կը մաղթենք Իրաքի օրինակը, եւ շրջանի քրիստոնեաները նաեւ հանգիստ չեն զգար վերջերս Եգիպտոսի մէջ պատահածներէն:
«Մեր մտավախութիւնները առնչուած չեն այն հարցին, թէ ո՛վ պիտի գայ իշխանութեան: Մենք կը վախնանք, որ ո՛վ ալ գայ, կրնայ փակել իր աչքերն ու ականջները, կամ կրնայ չուզել մեզի հետ հաղորդակցիլ, զբաղիլ», ըսաւ հայր Եոհաննա եւ աւելցուց.
«Մենք իսլամականներէն չենք վախնար, մենք կը վախնանք վայրագ ծայրայեղականներէն, որոնք կրնան այլամերժ ըլլալ»:
Երբ ես այցելեցի, քիչ մարդիկ կային յոյն ուղղափառներու պատրիարքարանի շուրջի փողոցներուն մէջ, Դամասկոսի հին քաղաքին մէջ: Զբօսաշրջային այս շրջանի փողոցներուն, շէնքերուն եւ շուկաներուն ու վաճառատուներուն անունները տակաւին կը կրեն շատ բաներ իրենց քրիստոնէական անցեալէն, Բայց եկեղեցին, ուր հանդիպեցայ Լուքա Խուրի եպիսկոպոսին, գրեթէ դատարկ էր:
Զոհաբերութիւններ Հայրենիքին Համար
Լուքա եպիսկոպոս ինքզինք հպարտ կը զգայ, որ կը պատկանի արաբական հնագոյն եկեղեցւոյ:
«Կրնա՞ք անուանել սուրիական կուսակցութիւն մը կամ քաղաքական շարժում մը, որ յոյն ուղղափառ գործիչ մը չունի իր շարքերուն մէջ», ըսաւ ան:
Ես անոր խօսակցութեան մէջ նշմարեցի անցելապաշտ երանգը:
«Քրիստոնեայ սուրիացիները մեղադրուած են վարչակարգին կողքին ըլլալու համար, բայց ասիկա իրականութիւնը չէ:
«Սուրիացիները միայն իրենց հայրենիքին կը պատկանին, այլ ոչ` վարչակարգին: Այդ հայրենասիրութիւնն է, որ քրիստոնեաները մղած է առաջին զոհաբերութիւնը ընելու իրենց երկրին համար:
«Մենք անկասկած ունինք որոշ մտավախութիւններ, որովհետեւ մենք գետնի վրայ այսօր մեր տեսածին նման վայրագութեան բնաւ ականատես չենք եղած», ըսաւ Խուրի եպիսկոպոս եւ շարունակեց.
«Բայց մենք վարչակարգի մը կողմնակից չենք ըլլար: Մենք կողմնակից ենք մեր երկրին եւ ոեւէ անձի, որ կը ծառայէ մեր հայրենիքին եւ մեր շահերուն:






