Վրաստանի Մէջ Սփիւռքի Խորհրդարան Պիտի Ստեղծուի
By adminx - Thu May 03, 7:48 am
Վրացական «Ճորճիըն հաթ նիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի սփիւռքի հարցերով պետական նախարարի աշխատակազմը սփիւռքի խորհրդարան ստեղծելու օրէնսդրական նախաձեռնութեան ձեռնարկած է: Նշեալ խորհրդարանը պիտի գործէ պետական նախարարի աշխատակազմին ներքեւ:
«Ճորճիըն հաթ նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս նախաձեռնութեան մասին երէկ երեսփոխաններուն զեկուցած է Վրաստանի սփիւռքի հարցերով պետական նախարար Փափունա Դաւիթեան: Ըստ անոր, նախաձեռնութիւնը հիմնուած է Իտալիոյ, Ֆինլանտայի եւ Խրուաթիոյ փորձառութեան վրայ:
Ըստ նախագիծին, սփիւռքի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան 45 երեսփոխաններ, որոնք պիտի ընտրուին արտասահման բնակող եւ համապատասխան կարգավիճակ ունեցող համաքաղաքացիներէն: Վերջիններս 30 երեսփոխաններ պիտի ընտրեն, իսկ մնացեալ 15-ը պիտի նշանակուի պետական նախարարին կողմէ:
Խորհրդարանը նիստ պիտի գումարէ տարին մէկ անգամ` Քութայիսիի մէջ: Անիկա պիտի ունենայ նախագահ, որ միեւնոյն ժամանակ պիտի ըլլայ Վրաստանի խորհրդարանի պատուոյ անդամ: «Մենք կ՛ուզենք, որ տարբեր երկիրներու մէջ բնակող մեր քաղաքացիները զգան, որ իրենք եւս կը մասնակցին երկրի կեանքին», ըսած է ան:






