ՌԱՀԻՄԻ ԵՒ ԼԻՊԸՐՄԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆ
By adminx - Thu May 03, 7:24 am
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան եւ իրանեան պետութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ ամերիկացի ծերակուտական Ճոզըֆ Լիպըրման, որ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական զարգացումները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Լիպըրման յայտնեց, որ իր այցելութիւնը կ՛իյնայ շրջան կատարած իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները:
Լիպըրման յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են Սուրիոյ տագնապով եւ մտավախութիւններ ունին, որ Սուրիոյ դէպքերը կրնան Լիբանան փոխադրուիլ:
Լիպըրման շեշտեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է նաեւ այն իմաստով, որ շրջանի պետութիւնները բաւարար չափով օժանդակութիւն չեն տրամադրեր Սուրիոյ ընդդիմութեան:
«Սակայն ես շնորհակալութիւն յայտնեցի վարչապետ Միքաթիին` սուրիացի գաղթականներուն մատուցուած մարդասիրական օժանդակութիւններուն համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք այցելած է նաեւ հիւսիսային Լիբանան:
Լիպըրման յայտնեց, որ ինք կը յարգէ Լիբանանի կառավարութեան պատասխանատուութիւնը:







