Դարձեալ Հակաթուրք Ելոյթ Ունենալով` «Թուրքիա Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Կարողութիւնը Չունի» Յայտարարեց Նիքոլա Սարքոզի
By adminx - Tue May 01, 2:15 am
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին համար մէկ շաբաթ մնաց ու թեկնածուները սկսած են գործածել իրենց վերջին խաղաքարտերը: Նախագահ Սարքոզիի համար կ՛ըսուի, որ ան այս անգամ իր ակնարկները ուղղեց դէպի ցեղապաշտ շրջանակները եւ կը ջանայ անոնց ալ քուէն սիրաշահիլ: Ան իր քուէարկողներուն ուղղուած երկրորդ նամակ մըն ալ հրատարակեց, բայց մինչ առաջին նամակը 34 էջերէ կը բաղկանար, այս անգամ ան գոհացաւ 3 էջի տարողութեամբ նամակով մը: Իր այս նոր նամակին մէջ Սարքոզի դարձեալ շատ յստակ կերպով խնդրոյ առարկայ դարձուց Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը, այդ անդամակցութեան դէմ դիրք գրաւեց ըսելով, որ «Թուրքիա այսպիսի կարողութիւն մը չունի»:
Սարքոզի հակաթուրք այս նոր ելոյթը կը մեկնաբանուի իբրեւ նոր քայլ մը սիրաշահելու համար ծայրայեղ աջակողմեաններու ու ցեղապաշտներու քուէներն ալ, քանի որ ծայրայեղ աջակողմեաններու ղեկավար Մարին Լը Փեն անակնկալօրէն բարձր քուէ ստացած էր առաջին հանգրուանին: Սարքոզի ըսաւ նաեւ, որ երբեք առաձգական պիտի չըլլայ ֆրանսացիի ինքնութեան նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելու խնդիրին մէջ: Ան աւելցուց, որ ինք չի բաժներ ընկերվարականներուն այն կարծիքը, թէ օտարականներն ալ պէտք է քուէ գործածեն: Սարքոզի օտարներու քուէարկութեան դէմ արտայայտուեցաւ:






