Wednesday May 22, 2013

Կռփամարտ. Քենթիքեանի Մրցակիցը Յստակացաւ

By adminx - Tue May 01, 1:14 am

Սիւզի Քենթիքեան (աջին)

WBA-ի, WIBF-ի եւ WBO-ի կռփամարտի աղջկանց աշխարհի ախոյեան Սիւզի Քենթիքեան իր յառաջիկայ ճակատումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 16 մայիսին` Ֆրանքֆորթի մէջ (Գերմանիա):

Նախորդ շաբաթավերջին յստակացաւ անոր մրցակիցը, որ ամերիկացի Մելիսա Մաքմորուն է:

Ըստ մասնագէտներու, ախոյեանութեան տիտղոսը պաշտպանելու համար Քենթիքեան ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ, մանաւանդ որ կը նկատուի այդ ճակատումին յաղթանակը կերտողը: Ան իր կատարած բոլոր 29 մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է (16-ը` նաք-աութով), մինչ ամերիկացին 12-էն միայն վեցին յաղթանակ արձանագրած է:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement