Մալթայի Դեսպանը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
By adminx - Mon Apr 30, 7:44 am
Շաբաթ, 28 ապրիլ 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մալթայի դեսպան Շարլ Հանրի Տարակոն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած շարք մը հարցեր:
Վեհափառը դեսպանին պարզեց իր պատկերացումը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ձգտող: Այս առիթով վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան:






