Wednesday May 22, 2013

Աւարտելով Պելճիքայի Իր Շրջապտոյտը Եւ Անցնելով Լոնտոն Վարչապետ Միքաթի Արտերկրի Լիբանանցիներուն Կոչ Կ՛Ուղղէ Արձանագրելու Իրենց Անունները

By adminx - Sat Apr 28, 7:45 am

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ աւարտելով դէպի Պելճիքա կատարած իր շրջապտոյտը, անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Լոնտոն:

Այս առիթով կատարած իր յայտարարութեանց մէջ, Միքաթի կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն իրենց անունները արձանագրելու արտերկրի լիբանանեան պատկան գրասենեակներուն մօտ` առ ի նախապատրաստութիւն Լիբանանի մէջ 2013-ի խորհրդարանական ընտրութեանց:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Պելճիքա հասկացողութիւն ցուցաբերած է Սուրիոյ տագնապին գծով Լիբանանի ցուցաբերած պաշտօնական կեցուածքին նկատմամբ:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement