Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչում` Հայաշէնի Ակումբին Մէջ
By adminx - Sat Apr 28, 7:36 am
Երէկ` ուրբաթ, 27 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայաշէնի ակումբին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչում` ներկայութեամբ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովրդային բազմութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սեդա Պեշլեան, որ յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, որուն ուրացման քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ եւ շարք մը պետութիւններու կողմէ պիտի չկարենայ փոխել իրադրութիւնը:
Պեշլեան շեշտեց, որ այսօր Թուրքիա հայկական հարցով մտահոգ է, քանի որ ասիկա կրնայ ազդել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին վրայ եւ հասցնել հատուցման հանգրուանին: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին գծով միջազգային ընտանիքը պէտք է վերցնէ պատասխանատուութեան իր բաժինը: Սեդա Պեշլեան նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիա լաւապէս պէտք է գիտնայ, որ կանգ պիտի չառնեն հայութեան կանչերը, որոնք պիտի պահանջեն արդարութիւն եւ նախնիներու իրաւունքները:
Ապա խօսք առաւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, որ յայտնեց, թէ ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին եւ կը կրկնուին, քանի որ ցեղասպանները հաշուի չեն կանչուիր եւ միջազգային ընտանիքը չ’առաջնորդուիր արժէքներով եւ սկզբունքներով: Ան ըսաւ, որ իրաւունքը չի մեռնիր, եւ կը պահանջուի Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչում եւ ներումի հայցում, որոնք սկիզբ կրնան ըլլալ հատուցման թղթածրարին գծով երկխօսութեան:
Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքին մէջ միայն շահը պէտք չէ իշխէ, եւ ազատ մտածող մարդիկ իրենց դերակատարութիւնը պէտք է ունենան: Ասորիներու լիկայի նախագահը ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները պէտք է ճանչցուին իրենց քաղաքակրթութիւններով, համայնքներով եւ ազգային ինքնութիւններով` ունենալով իրենց քաղաքական արդար ներկայացուցչութիւնը, յարգելով իրենց մշակութային եւ լեզուական իւրայատկութիւնները եւ մասնակցելով ընկերութեան հիմնական որոշումներուն: Այս գծով ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ասորերէնն ու հայերէնը չեն ճանչցուիր իբրեւ ազգային լեզուներ: Ան աւելցուց, որ ասորիներն ու հայերը Թուրքիոյ մէջ այսօր ունին իրաւունքներ, որոնք պէտք է յարգուին:
Հապիպ Աֆրամ նաեւ ըսաւ. «Մենք չենք պարտուած, չմեռանք եւ չենք յանձնուիր: Մեր մէջ կայ պահանջատիրութեան եւ արդարութեան զարկը»:
Աֆրամի խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած արաբերէն տեսերիզ մը, որուն յաջորդեց Խաժակ Խաչատուրեանի կատարողութեամբ ջութակով ելոյթը:
Օրուան երկրորդ պատգամաբերն էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նշեց, թէ այսօր ոճիրներու ուրացման, անիրաւութեան եւ անարդարութեան, սուտի եւ կեղծիքի, լռութեան եւ մեղսակցութեան ժամանակն է, երբ այսօր աշխարհի բոլոր կողմերուն հայերը կը յիշեն Հայ դատը, որ ապրող դատ մըն է, քանի որ իր կողքին կանգնած ունի պայքարող ժողովուրդը:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրուած էր եւ անոր գործադրութիւնը իրականացաւ կազմակերպուած կերպով: Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութիւնը շարունակուող ոճիր է մինչեւ այսօր, քանի որ անոր հետեւանքները չեն վերացած, ուրացումը կը շարունակուի եւ հայոց հետքերը կը բնաջնջուին:
Թուարկելէ ետք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պարտականութիւնները` Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ հայկական հարցը արժանապատուութիւն ունեցող իւրաքանչիւր մարդու հարցն է, եւ արաբական պետութիւնները պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իր խօսքի աւարտին, Յակոբ Բագրատունի Թուրքիայէն պահանջեց հաշտուիլ իր անցեալին հետ, ներում հայցել եւ կատարել հատուցում` հաստատելով, որ պահանջատէր հաւաքականութիւններուն միակամութիւնը արդարութեան հասնելու արդիւնաւէտ միջոցն է:
Յայտնենք, որ ձեռնարկին ընթացքին սրահին մէջ ցուցադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական պահանջատիրութեան նուիրուած լուսանկարներ:







