Wednesday Jun 19, 2013

Գաղութէ-Գաղութ (Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեակ)

By adminx - Fri Apr 27, 5:42 am

Յունաստան

Ձեռնարկ` Աթէնքի Ռազմական
Թանգարանին Մէջ

Կիրակի, 22 ապրիլին, Աթէնքի Ռազմական թանգարանի հանդիսասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Աթէնքի մարզպետարանին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ ՌԱԿ Հայ իրաւանց խորհուրդին, տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի 97-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով բարձրաստիճան քաղաքական դէմքեր, օտար դիւանագիտական շրջանակներ ու զինուորականներ, որոնք յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի եւ կառավարութեան կողմէ ներկայ եղաւ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարար Փաւլոս Երուլանոս, իսկ յունական խորհրդարանը ներկայացուց առաջին փոխնախագահ Ղրիղորիս Նիոթիս:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմինին ուղարկուած նամակներով իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնէին Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան նախագահ Ֆոթիս Քուվելիս, արտաքին գործոց փոխնախարար Տիմիթրիս Տոլիս, երեսփոխաններ Ֆոթինի Փիփիլի եւ Աննա Տալարա, Յունաստանի հրէական համայնքը եւ Յունաստանի Հրէական կեդրոնական վարչութիւնը:

Ձեռնարկի մուտքին կանգնած էին եւ պաշտօնական հիւրերը պատուի կ՛առնէին ՀՄԸՄ-ի եւ  Արարատի սկաուտ-արենուշները, որոնք իրենց լրիւ կազմերով եւ խմբապետներու առաջնորդութեամբ գլխաւորեցին նաեւ քայլարշաւը դէպի Սինտաղմա:

Ձեռնարկին նախագահութիւնը կատարեց Յակոբ Արըճեան, որ պատմական տուեալներ ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ, պարզեց օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայութիւնը բնաջնջելու ուղղուած քաղաքականութեան ծալքերը, ջարդերու իրագործումը, օտար պետութիւններու դերակատարութիւնը եւ հետագայ կեցուածքը` հասնելով հայութեան պահանջատիրական ուժին եւ միջազգային հանրութեան կողմէ յաջորդական ճանաչումներուն: Օրուան նախագահը շեշտեց Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր` նշելով, որ հայութիւնը իր պետութեամբ ու սփիւռքով եւ միացած ուժերով պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ որ յաղթանակեն արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը:

Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին նաեւ յունական խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Ղրիղորիս Նիոթիս, Յունաստանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Փաւլոս Երուլանոս, Յունաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, օրուան բանախօսն էր զինուորական խորհրդատու Նիքոս Լիղերոս, իսկ յունահայ երիտասարդութեան խօսքը յունարէնով ուղղեց Գէորգ Աւագեան:

Քայլարշաւ Եւ Դափնեպսակներու Զետեղում

Ձեռնարկի աւարտին, Աթէնքի ֆանֆարի, պաշտօնական հիւրերու եւ սկաուտական խումբերու գլխաւորութեամբ, ժողովրդային թափօրը յառաջացաւ դէպի Սինտաղմայի հրապարակ, ուր Անծանօթ զինուորի յուշադամբանին առջեւ դափնեպսակներ զետեղուեցան Յունաստանի պետական եւ քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներուն կողմէ` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Քայլարշաւի ամբողջ ընթացքին ՀՅԴ երիտասարդական եւ պատանեկան միութեան անդամները պահանջատիրական կարգախօսներով պաստառներ պարզեցին եւ յունալեզու թռուցիկներ բաժնեցին անցորդներուն:

 

Յունահայութիւնը Միասնական Եւ
Վճռական
Պահանջատիրական Ցոյց Կատարեց

ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ երկուշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բողոքի պահանջատիրական ցոյց դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն` Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանի մօտ հոգեհանգստեան արարողութենէն անմիջապէս ետք:

Բողոքի պահանջատիրական ցոյցը դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն ճամբայ ելաւ Սինտաղմայի հրապարակէն` առաջնորդութեամբ հայ երիտասարդներու եւ պատանիներու, որոնք հսկայ ու երկար Եռագոյն դրօշակ մը իրենց ձեռքին եւ բազմաթիւ հայկական Եռագոյն եւ յունական ազգային փոքր դրօշակներով ու մեծադիր պաստառներով յառաջացան Աթէնքի կեդրոնական «Վասիլիսիս Սոֆիաս» պողոտայէն: Եռանդուն ցոյցը անցնելով Յունաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւէն շարժեցաւ դէպի առաջ` հասնելով Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ: Հոն կանգ առին ցուցարարները` «Ղարաբաղը մերն է» եւ «Ղարաբաղը կը պատկանի հայերուն» կարգախօսները հնչեցնելով:

Ցուցարարները կարգախօսները կրկնելով յառաջացան դէպի Ռիղիլիս պողոտայ, ուր տեսնելով, թէ դէպի թրքական դեսպանատուն տանող ճամբուն վրայ ոստիկանական ուժեր շարուած են եւ իրենց փոխադրակառքերով փողոցը պատնէշով փակած, շարունակեցին իրենց երթը, առաջ շարժելով եւ ուղղուելով դէպի յաջորդ փողոցները, մինչեւ որ ելք մը գտնեն թրքական դեսպանատուն հասնելու եւ բողոքի յուշագիրը յանձնելու: Զրահապատ ոստիկանական ինքնաշարժները եւ մոթորսիքլեթներով ոստիկաններ, ինչպէս եւ ապահովական յատուկ ջոկատներ` տեսնելով, թէ ժողովուրդը կը յառաջանայ այլ ուղղութեամբ, վազեցին ու փակեցին շրջակայ բոլոր ճամբաները:

Բացայայտ էր, թէ թրքական ճնշումներուն անգամ մը եւս ենթարկուեցաւ յունական ոստիկանութիւնը, որ իր բիրտ կեցուածքով խանգարեց հայութեան խաղաղ ցոյցը:

Ցուցարարներուն համար պարզ դարձաւ, որ  անգամ մը եւս թրքական պետութիւնը, իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեամբ, ոչ միայն ամէն տեսակի ճնշում գործադրեց, որպէսզի խափանէ հայութեան խաղաղ ցոյցը, այլեւ ստիպեց յունական կառավարութեան, որ բուռն ծեծկռտուքով եւ քիմիական կազերով արգելք հանդիսանայ հայ ցուցարարներուն:

Անընդունելի այս երեւոյթին առջեւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը մերժեց ընկրկիլ, այլ որոշեց վերադառնալ Սինտաղմայի հրապարակ, ուր ցուցարարները համախմբուեցան յունական խորհրդարանի շէնքին առջեւ` պահանջելով Յունաստանի կառավարութենէն չենթարկուիլ թրքական ճնշումներուն, չենթարկուիլ իրեն պարտադրուող  թրքական քաղաքականութեան, գէթ յարգել յունահայութեան պահանջատիրական արդար իրաւունքները` ժողովրդավարութեան եւ ազատ կամքի ու ազատ արտայայտութեան սկզբունքներուն վրայ:

Հյդ Հայ Դատի Յանձնախումբի
Մամլոյ Յայտարարութիւնը

Բողոքի ցոյցէն ետք, ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը մամլոյ յայտարարութիւն եւ յունալեզու վիտէօ երիզ մը յղեց թերթերուն ու համացանցային լրատուական կայքէջերուն` խստիւ դատապարտելով պետութեան կեցուածքը, որ մէկ օր առաջ, պաշտօնական պետական դէմքերով ներկայ կ՛ըլլայ եւ կ՛ողջունէ Ապրիլեան եղեռնի  97-ամեակի քաղաքական ձեռնարկները, ապա յաջորդ օր` ծեծով եւ բիրտ կեցուածքով կը խոչընդոտէ ժողովուրդի արդար պահանջը:

Հանդիսաւոր Հոգեհանգիստ`
Նէա
Զմիռնիի Հայկական
Յուշակոթողին  Առջեւ

Յունաստանի պետութիւնը 1996-էն ի վեր ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը: Անկէ ետք, իբրեւ երկրի օրէնք, Հայոց ցեղասպանութեան տարեկան ոգեկոչումը (հոգեհանգիստ եւ քաղաքական ձեռնարկ) կը կազմակերպուին նոյնինքն պետութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՌԱԿ-ի Հայ իրաւանց խորհուրդի համագործակցութեամբ:

Աթէնքի մարզպետարանի նախաձեռնութեամբ եւ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու հովանաւորութեամբ երկուշաբթի, 23 ապրիլին,  Նէա Զմիռնիի հայկական յուշակոթողին առջեւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստի արարողութեամբ ոգեկոչուեցաւ Հայոց մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը:

Հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերուն եւ կրօնական դասուն կողմէ տեղի ունեցաւ երգեցողութիւնը եւ հոգեհանգիստը` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Եռագոյններով  զարդարուած պուրակի մուտքին կանգնած էին ՀՄԸՄ-ի եւ «Արարատ» միութեան սկաուտ-արենուշները, որոնք իրենց խմբապետներու ուղղութիւններուն հետեւելով, պատուի կ՛առնէին ժամանող պաշտօնական անձնաւորութիւնները: Իրենց կողքին շարուած էր նաեւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան շեփորախումբը, որ նուագեց հայկական եւ յունական ոգերգները:

Օրուան հանդիսութեան նախագահեց Ալիս Ֆարաճեան, որ յունարէնով ուղղեց օրուան խօսքը:

Ապա օրուան նախագահը հրաւիրեց Յունաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, որպէսզի իր խօսքը ուղղէ ներկաներուն:

Այնուհետեւ, համախմբեալ ժողովուրդին ողջոյնի խօսք ուղղեց Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս, որ  ըսաւ, թէ մեծ պատիւ եւ յուզում կը զգայ, իբրեւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ` գիտակցելով, որ իր քաղաքը շարունակութիւնն է 1922-ին Իզմիրէն բռնօրէն տեղահանուած յոյն եւ հայ զանգուածներուն: Ճիշդ այս եղելութեան պատճառով, խորհրդանշական իմաստ կը ստանայ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչումը Նէա Զմիռնիի մէջ:

Քաղաքապետը ներկաներուն հաւաստիացուց քաղաքապետութեան բացառիկ հայասիրական զգացումներուն մասին` յիշելով Հայաստանի Սիսիան քաղաքին հետ եղբայրացման համաձայնագիրի կնքումը, որ երկար տարիներու ընթացքին լիովին արդիւնաւորուած է:

Հուսկ, տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղում:

 

Հարաւային Ամերիկա

Ձեռնարկներու Եւ Ոգեկոչումներու Շարք`
Արժանթինի Մէջ

22-24 ապրիլ Պուենոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ:

22 ապրիլին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, ապա ծաղկեպսակի զետեղում կատարուեցաւ «Արմենիա» անունը կրող հրապարակին վրայ գտնուող զոհերու յուշարձանին:

23 ապրիլին Վիսենթէ Լոփես քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Վիսենթէ Լոփեսի մէջ Հայաստանի մշակոյթի շաբթուան» բացման արարողութիւնը:

24 ապրիլին տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` Պուենոս Այրեսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ:

Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը:

Սան Փաուլօ Նահանգի Օրէնսդիր Ժողովի
Լիագումար Նիստ` Նուիրուած
Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին

21 ապրիլին Սան Փաուլօ քաղաքի կեդրոնական` Աւենիտա Փաուլիսթա պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած բազմամարդ երթ մը:

23 ապրիլին Սան Փաուլօ նահանգի օրէնսդիր ժողովի Փապլօ Քոպայաշի նորակառոյց նիստերու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիագումար նիստ մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին: Նիստին ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան:

24 ապրիլին Սան Փաուլոյի Ս. Գէորգ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն եւ Ս. պատարագ: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ «Հայկական ռափսոտիաներ» ժապաւէնի շնորհահանդէսը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում`
Լոս Անճելըսի Վերահսկիչներու
Խորհուրդին Կողմէ

Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը, ի շարս պաշտօնական այլ նշումներու, ամէն տարի ապրիլին իր շաբաթական նիստերէն մէկը կը յատկացնէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման:

Այս տարի, նախաձեռնութեամբ իր անդամներէն Մայքըլ Անթոնովիչի, յիշատակի այս պահը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, ապրիլ 17-ի առաւօտուն: Ընդառաջելով Անթոնովիչի հրաւէրին` առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ խորհուրդի նիստին, որ որդեգրեց յատուկ բանաձեւ մը` ապրիլ 24-ը յայտարարելով «1915- 1923 տարիներուն տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր»:

Առաջնորդին կ՛ընկերանային Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան: Ներկայ էին նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Խօսք առնելով` առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Մայքըլ Անթոնովիչին ու ժողովականներուն, որոնք այս տարի եւս, Ցեղասպանութեան 97-րդ տարեդարձին, կ՛ոգեկոչեն մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը: «Մենք կը գօտեպնդուինք եւ կ՛ամրանանք մեր ինքնավստահութեան մէջ` անդրադառնալով, որ մեր արդար իրաւունքներուն հետապնդման ճամբուն վրայ ունինք ձեզի նման բարեկամներ», ընդգծեց ան եւ յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւս կը յայտարարեն Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ապա հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց զօրակիցներուն:

Խօսք առին նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Վաչէ արք. Յովսէփեան:

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտն Ու
Խորհրդարանը Ցեղասպանութեան
Հռչակագիր Վաւերացուցին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Հայ դատի գործիչներ եւ համակիրներ հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու շարք մը իրականացուցած են հինգշաբթի, ապրիլ 19-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցը ոգեկոչելով:

Աւելի քան 200 գործիչներ մասնակցած են այս տարուան ձեռնարկներուն:

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը եւ ծերակոյտը այս տարի եւս Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր վաւերացուցած են միաձայնութեամբ, իսկ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական եկեղեցիներուն ճակատագիրը լուսարձակի տակ դնելու համար տեղի ունեցած է նաեւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեանի` Արեւմտահայաստան կատարած այցելութենէն լուսանկարներու ցուցադրութիւն:

Միւս կողմէ, Լաս Վեկասի քաղաքապետ Քերոլայն Կուտմըն հրապարակած է հռչակագիր մը, որ ապրիլ 24, 2012-ը կը հռչակէ «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր»` կոչ ուղղելով քաղաքի բնակիչներուն, որ յարգեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

 

Սպանիա

Եկեղեցական Արարողութիւններ`
Մատրիտի Եւ Պարսելոնայի Մէջ

Սպանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ 22 ապրիլին` Մատրիտի եւ Պարսելոնայի մէջ:

Զոյգ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան սուրբ պատարագներ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ: 22 ապրիլին Վալենսիոյ մէջ «Արարատ» հայկական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` «Կենաց խաչ» յուշարձանին մօտ, ինչպէս նաեւ մոմավառութիւն: 24 ապրիլին Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կազմակերպեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն:

Յարգանքի տուրք մատուցեցին նաեւ Ալիքանթէ քաղաքի հայութիւնը եւ մեծ թիւով սպանացիներ, որոնք հաւաքուած էին քաղաքի Պալմերա զբօսայգիին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարին մօտ: Տեղի ունեցաւ սուգի արարողութիւն եւ տեղադրուեցան ծաղկեպսակներ:իւններ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement