Sunday May 26, 2013

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղ. Մեծ Եղեռնի Զոհերու Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

By adminx - Thu Apr 26, 4:44 am

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին երկուշաբթի, 23 ապրիլին տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի զոհերու ոգեկոչման հանդիսութիւն` Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբը, որմէ ետք երկու ԼԵՄ-ական ընկերներ նուագեցին Շոփենի «Մահերգ»-ը` հրաւիրելով ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը:

ԼԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Նարեկ Վարդանեան, որ նշեց որ ԼԵՄ-ը, իբրեւ հայ ժողովուրդի երիտասարդական միաւոր կու գայ անգամ մը եւս վերանորոգելու իր ուխտը` հայավայել ու յանձնառու կեցուածքով շարունակելու պայքարի ուղին, ամէն գնով տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի դարաւոր արժէքներուն եւ բարձր պահելու հայուն պատիւը:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով հանդէս եկաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի երգչախումբը` մեկնաբանելով «Զարթիր Լաօ» եւ « Հայաստան» երգերը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան առաջին բանախօսը` Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան: Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ Եղեռնի զոհերուն ոգեկոչումը առիթ մըն է աշխարհին յիշեցնելու, որ հայը տակաւին կանգնած է իր պահանջատիրութեան ամուր դիրքին վրայ եւ պայքարը պիտի շարունակէ անվհատ, մինչեւ ամբողջական իրաւունքներու վերադարձը: Ան շեշտեց, որ պահանջատիրութեան ջահը աւելի՛ կը բորբոքի, աւելի՛ կը բոցավառի, երբ փոխանցուած է առողջ ու յանձնառու երիտասարդութեան, հայօրէն կազմաւորուած եւ զոհողութիւններ ստանձնելու պատրաստ երիտասարդութեան:

Խմբային ասմունքով իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ կաթողիկէ վարժարանի աշակերտները (Պ. Սեւակի «Եռաձայն Պատարագ»-էն հատուած մը ասմունքելով), ապա Հայ աւետարանական վարժարանի երգչախումբը ներկայացուց «Հնչեն զանգեր» եւ « Հզօր Հայաստան» երգերը: «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Թազեան ասմունքեց «Հրաժեշտ սիրելեաց»-ը, որուն շուիով ընկերակցեցաւ Րաֆֆի Թասլաքեան:

Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Վահրամ Էմմիեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան հայաջինջ քաղաքականութեան` Պերլինի վեհաժողովէն մինչեւ Մեծ եղեռնը: Ապա ներկայացուց թրքական պետութեան ներկայ քաղաքականութիւնը: Ան ըսաւ, որ այն ինչ որ թրքական «նոր» քաղաքականութիւն կը կոչուի, իրականութեան մէջ սփիւռքահայութիւնը պառակտելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման երթը արգելակելու հին քաղաքականութիւնն է, որ չի կրնար յաջողութեան հասնիլ, այնքան ատեն որ հզօր է հայրենի պետութիւնը եւ միակամ է սփիւռքահայութիւնը:

Ներկայացուեցաւ նաեւ կենդանի պատկեր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կրտսերներն ու պատանիները: Անոնք մոմավառութեամբ կազմեցին բռունցք մը, որ կը խորհրդանշէր հայ սերունդներու համատեղ ճիգը, անխորտակ կամքն ու մարտունակ ոգին: Պատկերին յատուկ երանգ շնորհեց կոմիտասեան երաժշտութիւնը` կատարողութեամբ Լոռի Այնթապլեանի (դաշնակ) եւ Ասատուր Մախուլեանի (տուտուկ):

Այնուհետեւ, օրուան յայտագիրին միացաւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Կաքաւիկ» պարախումբը` «Գարուն ա» պարով: Ձեռնարկի աւարտին հանդէս եկաւ «Շ. Միսաքեան»-ի նուագախումբը` «Ձայն տուր, ո՛վ ֆետայ» եւ «Գարահիսար» երգերով, որոնց խորքէն ժայթքող հայ յեղափոխութեան շունչն ու ոգին տարբեր ոգեւորութեամբ մը եզրափակեցին ձեռնարկը:

Ապա,  ԼԵՄ-ական տղաքը ջահերով այրեցին թրքական դրօշը եւ յատուկ պատկերով մը բոցավառեցին ՀՅԴ-ի էջերէն արձակուող վրէժխնդրութեան եւ յարատեւ պայքարի ոգին: Այսպէս, երիտասարդները հաստատեցին իրենց ուխտը` անվարանօրէն յաղթահարելու բոլոր արգելքները, որոնք կը խափանեն հայուն պայքարի երթը:

Անկէ ետք, շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ժողովուրդը ուղղուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր քաղաքապետութեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին անունով ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձանին առջեւ: Օրուան հանդիսութիւնը փակուեցաւ գիւղի հոգեւոր հայրերուն պահպանիչով

 

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement