Monday May 20, 2013

Քանատայի Վարչապետը Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին Առիթով Ուղերձ Մը Յղած Է

By adminx - Thu Apr 26, 4:32 am

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը,  վկայակոչելով Քանատայի վարչապետի լրատուական ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ վարչապետ Սթեֆըն Հարփըր 24 ապրիլին ուղերձ յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով:

Քանատայի վարչապետը յայտնած է. «Այսօր մենք կը յիշենք 1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ մէջ պատահածին պատճառով բազմաթիւ կեանքերու սարսափելի կորուստը եւ հայ ժողովուրդի ապրած տառապանքը: Քանատայի խորհրդարանի երկու պալատները որդեգրած են բանաձեւ, որոնց շնորհիւ այս դէպքերը ճանչցուած են 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: Ասիկա այն օրն է, երբ մենք պէտք է գիտակցինք ոչ միայն չձգել մեղքերը հեռաւոր անցեալին մէջ, այլ մենք մեզ ուղղենք դէպի աւելի լաւ ապագայ: Անիկա մեզ բոլորս կը յիշեցնէ, թէ ինչո՛ւ մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք այն համոզումներուն, ըստ որոնց,  այսօրուան աշխարհը այն աշխարհն է, ուր մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական ազատութիւններու նկատմամբ յարգանքը կը գերիշխէ:

«Այսօր ծագումով հայ եւ թուրք քանատացիները կ՛ապրին միասին` կիսելով հանդուրժողականութեան եւ հրապարակայնութեան մեր արժէքները: Մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտեցման ուղիներ փնտռելու ջանքերուն, որոնց մէջ կը մտնեն սահմանի բացումը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ 1915-ի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ երկխօսութիւններու իրականացումը: Յիշատակի այս օրուան ընթացքին մենք կը խրախուսենք երկու կողմերը, որոնք կը ձգտին յանգիլ ընդհանուր եզրակացութեան եւ փոխըմբռնման` ազնուութեամբ եւ բարի կամքի ոգիով: Մենք կը միանանք այսօր ձեզի` յիշելու անցեալը, եւ կը կիսենք ապագայի յոյսը` հիմնուած խաղաղութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ»:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement