Տիարպեքիրի Հայկական Եկեղեցին Թուրք Կիներու Կրթական Կեդրոն Դարձած Է
By adminx - Tue Apr 24, 2:03 am
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Տիարպեքիրի նահանգի Սուր քաղաքի քաղաքապետարանը նորոգած է տեղւոյն 142-ամեայ հայկական եկեղեցին եւ զայն վերածած` կիներու կրթութեան կեդրոնի, ուր երիտասարդ աղջիկներն ու կիներ հայերու եւ ասորիներու հիմնական մասնագիտութիւններէն նկատուող արծաթագործութիւն եւ մետաքսագործութիւն կը սորվին:
Սուրի քաղաքապետարանին կողմէ կիներու կրթական կեդրոնի վերածուած եկեղեցւոյ մէջ երեք նախագիծ կը գործադրուի` «Արծաթեայ ձեռքեր» նախագիծի ծիրին մէջ կիներն ու աղջիկները արծաթագործութիւն կը սորվին, «Հմուտ ձեռքերը գորգ կը գործեն» խմբակին մէջ` գորգագործութիւն, իսկ «Մետաքսէ հպում» անունով խմբակին մէջ` մետաքսագործութիւն:
Ըստ «Տողան»-ի, այստեղ տարեկան երեք հարիւր կին կրթութիւն կը ստանայ: Սուրի քաղաքապետարանը կը պատրաստուի անոնց ձեռքի գործերը` արծաթէ զարդերը, մետաքսէ շալերն ու փողկապները, սեղանի ծածկոցներն ու վարագոյրները վաճառքի հանել:
Յիշեցնենք, որ Սուրի քաղաքապետարանը վերջերս նաեւ հայերէնի դասընթացքներու սկսած էր:





