Sunday May 26, 2013

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտները Ուխտեցին Շարունակել Հայութեան Հայավայել Գոյերթը

By adminx - Tue Apr 24, 2:01 am

Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբն ու ՀՄԸՄ-ի բարձր աստիճանաւոր սկաուտները համախմբուեցան Պիքֆայա, տողանցեցին դէպի Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն նուիրուած յուշարձան: Գլխաւորութեամբ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն. այս առիթով սրբազանը սկաուտներուն ուղղեց պատգամ մը` շեշտը դնելով հայութիւնն ու հայկական արժէքները ամէն բանէ վեր ու վեհ դասելու կարեւորութեան վրայ:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան իր արտասանած խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ օսմանցիներուն կողմէ գործադրուած կարմիր ջարդին իբրեւ հետեւանք հայութիւնը ենթարկուեցաւ նաեւ սպիտակ ջարդի, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ցարդ կը շարունակէ մնալ օտարութեան մէջ` աշխարհի տարբեր ծագերուն: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը սգատօն չէ ալ, այլ մեծարում ոճրագործներուն  արդար պատիժը տուած վրիժառու բազուկներուն: «Ապրիլ 24-ին յաջորդեց մայիս 28 ու նոր արշալոյս», յայտնեց Յ. Քէշիշեան` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ վարած որեւէ տեսակի քաղաքականութիւն չի կրնար կասեցնել հայութեան պայքարը, պահանջատիրութիւնը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի, մինչեւ որ Հայ դատը իր արդար լուծումը գտնէ:

Ան կոչ ուղղեց սկաուտներուն իրենց կեանքը վերածելու ամէնօրեայ ու մնայուն պայքարի, նեցուկ կանգնելու Հայաստանին ու Արցախին` ի խնդիր հայութեան մեծ երազին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի վերատիրացման: «Այսօր 97-րդ անգամն ըլլալով կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ` ուխտելով հաւատարիմ մնալ իրենց պատգամին, կրկնելով Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքը` «Հայութեան գերեզմանը չեղար, ո՜վ Տէր Զօր, այլ դէպի յարութիւն տանող ճանապարհը», ընդգծեց Յ. Քէշիշեան:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին խօսքը փոխանցեց խորհուրդի ատենապետ Թալին Օրտողլեան, որ դիտել տուաւ, թէ ապրիլ 24-ը աշխարհով մէկ տարածուած ՀՄԸՄ-ականներուն համար վերածուած է ուխտի եւ պահանջատիրութեան օրուան, երբ անգամ մը եւս ՀՄԸՄ կը վերահաստատէ ազգին ու հայրենիքին հաւատարիմ մնալու իր խոստումը: Անոր համաձայն, աւանդութեան համաձայն յուշարձան այցելելն ու ուխտը վերանորոգելը կարեւոր է իւրաքանչիւր աստիճանաւորի համար, որպէսզի ան եւս իր կարգին այս պատգամն ու խորհուրդը փոխանցէ արիին ու արենոյշին, գայլիկին ու արծուիկին եւ ամէնէն փոքր մոկլիին:

Թ. Օրտողլեան հաստատեց, որ հակառակ օսմանցիներուն եաթաղանին, հայութիւնը կրցաւ յարութիւն առնել, նետել սուգի սեւը, ծաղկեցաւ, բարգաւաճեցաւ, նուաճեց անկախութիւն, ունեցաւ անկախ հայրենիք: Բայց եւ այնպէս, ան դիտել տուաւ, թէ տակաւին Հայ դատը արդար ու ամբողջական լուծում չէ գտած, որովհետեւ տակաւին ներկայ Հայաստանին չեն կցուած Պատմական Հայաստանի հողերը: «Պահանջատիրութեան երթը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ իրականանայ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը: Եւ այդ տեսլականին իրականացման ճամբուն վրայ, ինչպէս ամէն հայ, իր դերակատարութիւնը ունի նաեւ ՀՄԸՄ-ական սկաուտը, որ իր խօսքով ու գործով պիտի փաստէ, որ արժանի շառաւիղն է զոհուած իր պապերուն», եզրափակեց Օրտողլեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement