Եթէ Հայը Հա՛յ Մնայ…
By adminx - Mon Apr 23, 9:05 pm
ԱՐՓԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ
Միջերկրականեան եւ եւրոպական քաղաքապետութիւններու համագործակցութիւն ընձեռող տեղական հաստատութեան մը պաշտօնեաներէն մէկը զիս ընդունեց նախօրօք ճշդուած ժամադրութեան մը համաձայն: Ան զիս առաջնորդեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին հետ առնչուած աշխատանքի մը պատասխանատուին մօտ: Վերջինս ուսումնասիրելէ ետք հետս գտնուող թղթածրարը, ինձմէ խնդրեց յաւելեալ փաստաթուղթ մը, որ ապահովելու համար անհրաժեշտ էր դիմել թաղապետի մը: Ժամանակ շահելու համար պատշաճ նկատեցի դուրս գալ գրասենեակէն, եւ գրպանի հեռաձայնովս ինծի ծանօթ թաղապետի մը պատուիրեցի պահանջուածը, մայրենի լեզուով: Զիս ընդունող պաշտօնեան, որ հոն կը գտնուէր եւ լսած էր խօսակցութիւնս, բարեացակամութեամբ հրաւիրեց, որ նստիմ` ըսելով. «Ի՞նչ լեզուով կը խօսէիք, հայերէ՞ն»:
- Այո՛:
- Ես շատ կը յարգեմ հայ ժողովուրդը: Իմ առաջին վարպետներս երեք հայ եղբայրներ էին: Ինքնաշարժի ներածման եւ նորոգութեան ընկերութիւն մը ունէին: Օրինակելի անձեր էին, զորս երբեք չեմ կրնար մոռնալ: Եւ յարգանքով բաժակ մը սուրճ առաջարկեց ու շարունակեց:
- Դուք պարկեշտ, աշխատասէր եւ պարտաճանաչ ժողովուրդ մըն էք եւ ամէն մարդու յարգանքը կը վայելէք:
Ես հոգեկան մեծ գոհունակութիւն զգացի, երբ հաստատեցի անգամ մը եւս, որ այդ յատկանիշները կը բնորոշեն հայ ժողովուրդը, որուն կը պատկանիմ: Մարդոց մտքին մէջ ազգս զուգորդուած է բարոյական եւ մարդկային արժանիքներու հետ, որոնք շատերու համար հոմանիշ են հայուն: Այստեղ արդէն հայ անհատը եւ հաւաքականութիւնը իրենց ուսերուն վրայ ունին այս արժանիքները պահպանելու եւ ներկայացնելու լուրջ պատասխանատուութիւնը: Երեք եղբայրները, որոնց ինքնութիւնը պարզելը այնքան ալ անհրաժեշտ չէր, գործնապէս կը կատարէին իրենց պարտականութիւնը: Արդեօք մենք բոլորս որքանո՞վ գիտակից ենք մեր նախնիներէն ժառանգուած հարազատ հայու այս ազնիւ յատկանիշներուն:
Պիտի կարենա՞նք գոյատեւել, անհատաբար եւ հաւաքաբար, շատերու կողմէ ճանչցուած այս յատկանիշներով, որպէսզի համամարդկային այս արժանիքները աշխարհի վրայ մնան կայուն` շնորհիւ հայուն:





