Ռայի Պատրիարք Փառք Կու Տայ, Որ Կառավարութիւնը Փուլ Չեկաւ
By adminx - Mon Apr 23, 6:33 am
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը փառք տուաւ, որ կառավարութիւնը յաջողեցաւ շրջանցել իր դէմ ուղղուած վստահութեան քուէն եւ փուլ չեկաւ: Մեքսիքոյէն սկսող ամերիկեան միամսեայ շրջապտոյտով մը Լիբանանէն իր մեկնումին պահուն, մարոնի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք չի գիտեր, թէ ի՛նչ կը հասկցուի համամասնական դրութեամբ ընտրութիւն ըսելով, այսուհանդերձ ինք կը նախընտրէ վճռել լիբանանեան բոլոր կողմերուն յարմարող եւ ոչ թէ իւրաքանչիւր կողմի չափանիշին համաձայն, հասարակաց ընտրանքի օրէնքի մը որդեգրումը: Այս առիթով ան կոչ ուղղեց կառավարութեան կիրարկելու իր յանձնառութիւնները, իսկ երեսփոխանները հրաւիրեց տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան:





