Կառավարութիւնը Որոշեց Վարձքերու Յատուկ Օրէնքը Փոփոխութեան Ենթարկել
By adminx - Sat Apr 21, 6:45 am
Կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստէն ետք նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտարարեց կառավարութեան տուած որոշումները, որոնց շրջագիծին մէջ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է վարձքերու յատուկ օրէնքը փոփոխութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ որոշած է արաբական կապ մը հացին սակը հաստատ պահել, այսինքն` 1500 լ. ոսկի:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի դրուատած է լիբանանեան բանակին կողմէ ապահովական միջոցառումներու որդեգրումին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ կառավարութիւնը անգամ մը եւս արժանացած է խորհրդարանի վստահութեան քուէին, ինչ որ համագործակցութիւն եւ յաւելեալ աշխատանք կ՛ենթադրէ կառավարութեան համար:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծած է նաեւ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:






