Thursday May 23, 2013

«Գոյութիւն Ունին Զինեալ Խմբաւորումներ, Որոնք Կ՛Ուզեն Անանի Ծրագիրը Ձախողութեան Մատնել» Կ՛Ըսէ Լաւրով

By adminx - Sat Apr 21, 6:35 am

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ կողմերուն վրայ ճնշում բանեցնելու` աւելցնելով, որ «յամենայն դէպս, Սուրիոյ մէջ ապահովութեան երաշխաւորման շուրջ պատասխանատուութիւնը սուրիական իշխանութիւնները կը կրեն»:

Լաւրով նշեց, որ «գոյութիւն ունին զինեալ խմբաւորումներ, եւ ծանօթ է, որ անոնք կ՛ուզեն ՄԱԿ-ի պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը ձախողութեան մատնել»: Ան ըսաւ, որ սուրիական ընդդիմութեան բոլոր կողմերը պէտք է Անանի ծրագիրին զօրակցին:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ տագնապի լուծման համար գործադրուած ջանքերէն պէտք է դաս առնել` աւելցնելով, որ այդ բնորդը սխալ է եւ պէտք չէ սուրիական բնորդը անոր նման ըլլայ, «այլ պէտք է աշխատանք տանինք Անանի ծրագիրը գործադրելու եւ Սուրիոյ մէջ երկխօսութեան հասնելու»:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Անանի մէկ բանբերը յայտնած է, որ «Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ կացութիւնը լաւ չէ, իսկ զինադադարը շատ փխրուն է»: Ըստ բանբերին, Անան յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ ներկայիս 7 դէտեր կան եւ յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին անոնց պիտի հետեւին երեսուն այլ դէտեր` աւելցնելով, որ «անմիջապէս որ Ապահովութեան խորհուրդը դէտերուն թիւը 300-ի բարձրացնելու որոշումը որդեգրէ` պատրաստ պիտի ըլլանք տեղակայուելու»:

Ֆրանսայի նախագահութեան գլխաւոր թեկնածուներէն Ֆրանսուա Հոլլանտ «Էօրոփ1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ եթէ ՄԱԿ որոշէ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարել, իր նախագահ ընտրուելուն պարագային Ֆրանսա պիտի մասնակցի այդ գործողութեան:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի փխրուն ըլլալն ու գետնի վրայ սուրիական վարչակարգին կողմէ անոր շարունակ խզումը Ուաշինկթընի մէջ Ապահովութեան խորհուրդին դիմելով «պատժամիջոցներ» քննարկելու նկատմամբ մագլցողական կշռոյթ մը ստեղծած են:

Աղբիւրը նշած է, որ ամերիկեան վարչակազմը գլխաւորաբար կը քննարկէ միջազգային քայլի մը, ներառեալ` «արգելակիչ գօտի»-ի մը ստեղծման ճամբով քաղաքայինները պաշտպանելու ընտրանքը:

Հաւաստի աղբիւրներ իրենց կարգին «Հայաթ»-ին յայտնած են, որ Ուաշինկթըն մինչեւ հիմա վերապահ էր Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ «արգելակիչ գօտի»-ի մը ստեղծման գաղափարին նկատմամբ, սակայն այսօր այդ ընտրանքը լուրջ կերպով կ՛ուսումնասիրէ եւ Թուրքիոյ ու Յորդանանի հետ, Փենթակոնին հետ համակարգումով, կը քննարկէ: Աղբիւրները նշած են, որ ամերիկեան մտածելակերպին եւ վարչակարգին մէջ քննարկումները ի նպաստ զինուորական ընտրանքին շրջուած են, թէեւ ոչ ի նպաստ այդ ընտրանքին մէջ ամերիկեան ուղղակի կամ ղեկավար դերակատարութեան մը ձեւին:

Նշենք, որ երէկ Փարիզի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովի մասնակից երկիրները Սուրիոյ վարչակարգին խիստ զգուշացում մը ուղղեցին` նշելով, որ Անանի ծրագիրը վարչակարգին համար տագնապի խաղաղ լուծումի հասնելու վերջին առիթն է, իսկ եթէ Սուրիա դէպի քաղաքացիական պատերազմ ուղղուի, ապա պէտք է Ապահովութեան խորհուրդ դիմել` որդեգրելու համար պատժամիջոցներ, ներառեալ` Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը ստեղծումը եւ ՄԱԿ-ի ուխտի զինուորական ուժի կիրարկումը արտօնող 7-րդ յօդուածին հիմամբ այլ միջոցառումներ:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement