Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքին Վերադարձուած Է Հիմնադրամի Կարգավիճակը
By adminx - Fri Apr 20, 6:42 am
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրէինութիւնը որոշած է վերականգնել Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքի հայկական վարժարանի հիմնադրամի կարգավիճակը:
Որոշումը որդեգրուած է կառոյցի տնօրէն խորհուրդի չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին: Կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Լաքի Վինկաս տեղեկացուցած է վճիռին մասին եւ շնորհաւորած հայ համայնքը: «Ս. Խաչ դպրեվանքին, երկար տարիներու պայքարէ ետք վերադարձուած է հիմնադրամի կարգավիճակը, եւ ես կը շնորհաւորեմ հայ համայնքը», ըսած է ան:
Ս. Խաչ միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Հայկ Նիշան նոյնպէս իր գոհունակութիւնը յայտնած է: Դպրեվանքի հայկական վարժարանը 1985-էն ի վեր զրկուած էր հիմնադրամի կարգավիճակէն:
«Սի. Էն. Էն. թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդած է, որ հիմնադրամներու խորհուրդին որոշումով` հայկական հիմնադրամներուն վերադարձուած են նաեւ Պոլսոյ Քընալը կղզիին մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրոցը եւ հայկական գերեզմանատունը:






