Tuesday May 21, 2013

Քոսովոյի Վարչապետը Սերպական Ըմբոստութեան Վերջ Տալու Զինուորական Ընտրանքը Կը Բացառէ

By adminx - Fri Apr 20, 6:20 am

Հաշիմ Թաչի

Քոսովոյի վարչապետ Հաշիմ Թաչի Հիւսիսային Քոսովոյի մէջ սերպական փոքրամասնութեան ըմբոստութեան վերջ տալու զինուորական ընտրանքը բացառեց:

Թաչի Քոսովոյի պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սերպերով բնակուած շրջաններուն մէջ պետութեան իշխանութիւնը զինուորական ուժի օգտագործումով պարտադրելը առաջին ընտրանքը պիտի չըլլայ: Նշենք, որ սերպ փոքրամասնութիւնը Հիւսիսային Քոսովոյի մէջ պետութեան զուգահեռ իշխանութիւն հաստատած է:

Ան ըսաւ, որ Քոսովոյի կառավարութիւնը պիտի փորձէ Հիւսիսային Քոսովոյի սերպ իշխանութիւններուն հետ տարակարծութեան լուծման համար երկխօսութեան դիմել` նշելով, որ երկխօսութիւնը տագնապին լուծման լաւագոյն միջոցն է:

Քոսովոյի վարչապետը յայտնեց, որ Փրիշթինա կը մերժէ Սերպիան մասնակից դարձնել Հիւսիսային Քոսովոյի սերպերուն հետ երկխօսութեան` նշելով, որ Հիւսիսային Քոսովոյի թղթածրարը ներքին հարց մըն է, եւ որեւէ օտար երկրի պիտի չարտօնուի անոր միջամտել, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ Եւրոպական Միութեան պիտի չարտօնուի ապագայ որեւէ բանակցութիւն հովանաւորել:

Թաչի ըսաւ, որ կառավարութիւնը կը մերժէ խորհրդարանի անդամ ընդդիմադիր կուսակցութեանց  ծայրայեղականներու ղեկավարութեամբ սերպական ըմբոստութիւնը ճզմելու համար զինուորական ուժ մը երկրին հիւսիսը ուղարկելու ծրագիրը որդեգրել:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement