Sunday May 19, 2013

Արուեստագէտ Զոհրապի Գործերու Ցուցադրութիւն. «Ցեղասպանութեան Խոցը Կ՛Արտացոլայ Գրեթէ Բոլոր Գործերուս Ընդմէջէն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեան

By adminx - Thu Apr 19, 6:16 am

Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի  առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի,  լիբանանահայ ու ոչ հայ, օտար արուեստասէրներու, մտաւորական  ու մշակութասէր ազգայիններու, զինուորականներու  եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու, երէկ`  չորեքշաբթի, 18 ապրիլի երեկոյեան, «Սիւրֆաս Լիպր» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ  լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ,  գեղանկարիչ Զոհրապի գործերու ցուցահանդէսին:

«Լիվինկ Սայքըլ» («Ապրող շրջագիծ») նիւթով այս ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ  բազմաթիւ պատկերներ, ուր կ՛արտացոլան  Զոհրապի ներաշխարհի զանազան  յուզմունքները, ապրումները, երազները, տենչերը… Փասթել, աքրիլիք, իւղանկար, ջրանկար թէ այլ ոճերով դրսեւորուած արուեստի այդ գործերը կու գան մեկնաբանելու Զոհրապի արուեստին փիլիսոփայութիւնը, «պէտք է երրորդ աչք ունենալ` տեսնել եւ թափանցել կարենալու համար պատկերին խորքը», ինչպէս հաստատած  է Զոհրապ:

Մինչեւ յառաջիկայ 5 մայիս երկարող  այս ցուցահանդէսը նորագոյնն է արուեստագէտին  իրագործած բազմաթիւ ցուցահանդէսներուն,  որոնց սկիզբը կ՛երթայ մինչեւ տասնամեակներ առաջ` 1970-ական թուականները, երբ թռիչք  առաւ Զոհրապի արուեստին «փիւնիկ»-ը` սաւառնելով դէպի Միջին Արեւելքի թէ  հեռաւոր Ամերիկաներու, Քանատայի, Եւրոպայի ու այլ հայահոծ գաղութները:

Այս առիթով «Ազդակ»-ին հետ իր ունեցած  մտերմիկ զրոյցին ընթացքին Զոհրապ շեշտեց, որ  իր  ստեղծագործած գրեթէ բոլոր գործերուն մէջ առկայ է Հայոց ցեղասպանութեան խոցը, վէրքը:  Ցեղասպանութեան 100-ամեակի  սեմին իր առնելիք քայլերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Զոհրապ նշեց, որ ինք բազմիցս  դրսեւորած է ազգային այդ «ցաւ»-ը իր գործերուն մէջ եւ տրամադիր է այսուհետեւ եւս շարունակելու այդ  ոճը: Կարծէք իր «ճիտին պարտքը» ըլլար`  Զոհրապ պատրաստ է գաղութէ գաղութ իրեն հետ տանելու եւ արուեստով դրսեւորելու հայ ժողովուրդին մեծագոյն հարցը:

Զոհրապի գործերուն մէջ կը հանդիպինք զանազան կերպարներու, ինչպէս` կինը, հողը, բնութիւնը, մանուկը, կարօտը, սէրը եւ այլն…

Անոր գործերը կարելի է դասել իբրեւ տպաւորապաշտ, խորհրդապաշտ, վիպապաշտ, գերիրապաշտ` սուրէալիստ, դասական  դպրոցներու պատկանող գործեր:

 

 

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement