«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Համար Մակ-Ի Ապահովութեան Խորհուրդի Բոլոր Անդամներուն Համաձայնութիւնը Պէտք Է» Կ՛Ըսէ Աքչուրա
By adminx - Wed Apr 18, 6:47 am
Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի լիազօր ներկայացուցիչ-համակարգող, ազրպէյճանցի Ֆիքրեթ Աքչուրա յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման համար պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն համաձայնութիւնը:
«Ամէն ինչ կախեալ է ազրպէյճանական կողմի նախաձեռնողականութենէն: Տագնապի լուծման համար պէտք է ստանալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 5 մնայուն անդամներուն համաձայնութիւնը», ըսած է ան:
Աքչուրա յիշեցուցած է, որ գոյութիւն ունին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւեր, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած են, եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն ալ ստեղծուած է այդ բանաձեւերը իրականացնելու համար: «Սակայն անցնող քսան տարիներուն ընթացքին տագնապը չէ լուծուած, ինչ որ շատերու դժգոհութիւնը կը յառաջացնէ», ըսած է ան:






