ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 97-ԱՄԵԱԿ. Ապրեցանք Ու Պիտի Ապրի՛նք
By adminx - Wed Apr 18, 5:44 am
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Մինչեւ 1965` 24 ապրիլը սուգի օր մըն էր միայն ու կը ծառայէր վերյիշելու մեր նահատակները, սգատօն ու հոգեհանգիստ կազմակերպելու: Կորուստները անմիջական էին, իւրաքանչիւր ընտանիք կը սգար սեփական հարազատները, որոնք կը յիշուէին տակաւին, եւ որոնց հետ իսկական կապ գոյութիւն ունեցած էր:
Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը դարձաւ առաջին անկիւնադարձը: Սուգի օրը վերածուեցաւ պահանջատիրութեան օրուան, նաե՛ւ պահանջատիրութեան: Այժմ գուցէ դժուար է ըսել ազդանշանը հայրենի՞քը տուաւ («Մեր հողերը, մեր հողերը» իր անլռելի կանչով), թէ՞ Սփիւռքը, թէ՞ լուռ համաձայնութեամբ` միասի՛ն ձայն բարձրացուցին:
1965-էն այսօր պահանջատիրութիւնը ամրակայուեցաւ` դարձաւ համազգային կեցուածք ու գործ` ոչ թէ տարին մէկ օրուան 24 ժամերով սահմանափակուած, այլ տեւական բնոյթով, կազմակերպուած ձեւով, Հայ դատի նուիրուած գրասենեակներով, դասընթացքներով, լսարաններով, ուսումնասիրութիւններով ու հրատարակութիւններով, եւ միջազգային քաղաքական յարաբերութիւններով:
Անձնական սուգը, ցաւը մեղմացաւ հետզհետէ, մանաւանդ վերապրողներու նուազումով, փոխարէնը հաւաքական կորուստը, ցաւը դրսեւորուեցաւ աւելի յստակ կերպով, ստացաւ քաղաքական հանգամանք:
Աղէտի թուականէն մինչեւ յիսունամեակ երկու սերունդ ապրեցաւ, վէրքերը սպիացուց, կորուստին զգացողութիւնը փոխանցեց յաջորդներուն:
Յիսնամեակէն հարիւրամեակ` ահա արդէն երկու սերունդ եւս պիտի ըլլայ, որ կ՛ապրի ու կը շարունակէ, աւելի ու աւելի ուժգին` պահանջատէր ներկայանալ աշխարհի առջեւ:
Սա` մեր մեծագոյն յաղթանակն է, որ դահիճին մտքէն իսկ չէր անցներ, քանի որ իր նպատակն էր այնպէս ոչնչացնել մեզ, որ ո՛չ հայկական հարց մնար, ո՛չ ալ հայու անուն յիշուէր:
Այո՛, թշնամին կրցաւ ահաւոր հարուած հասցնել մեր երթին` մեր թիւը կիսեց, մեր երկիրը մեզմէ պարպեց, մեր նիւթական պատմական ժառանգութիւնը թէ սեփական ստացուածքը իւրացուց, բայց չկրցաւ մեզ ամբողջովին ջնջել:
Ուստի, վերապրեցանք:
Վերապրեցանք յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն` գործադրելով գերմարդկային ճիգեր:
Վերապրեցանք` վերանուաճելով մեր թիւը, եւ աւելնալով անկէ ալ աւելի:
Վերապրեցանք մեր իսկ գործած հրաշքով փրկուած մեր հողին վրայ հայկական պետականութիւն վերահաստատելով` հայկական բարձրաւանդակին վրայ մեր անկախութիւնը կորսնցնելէ շուրջ հազարամեակ մը ետք, եւ վերապրեցանք մեր հողէն դուրս` նոյնպէս հրաշքի համազօր վճռակամութեամբ:
Կոփուեցաւ ազգային գիտակցութիւն, հաստատուեցաւ ազգային նպատակ, կազմուեցաւ ազգային ծրագիր:
Եւ ազգովին դարձանք, վերստի՛ն դարձանք քաղաքակրթութեան ջահակիր հաւաքականութիւն, պատրաստ` այդ ուղղութեամբ վերստանձնելու մեր պատմական առաքելութիւնը, ինչպէս եղած էր հազարամեակներէ ի վեր:
1915-ին այդ բոլորը տակաւին չէին իրականացած. այդ ճամբուն վրայ էինք, աւելի քան կէս դարու ճանապարհ ալ կտրած էինք, սակայն զարթօնքը դեռ չէր ամբողջացած: Հակառակ Աղէտին` յամեցող միջնադարեան մեր իրավիճակէն մեծ ոստումով անցանք 20-րդ դարու, եւ հիմա արդէն 21-րդ դարու յառաջադէմ ժողովուրդներու շարքին:
Անմիջապէս որ քիչ թէ շատ խաղաղ պայմաններու մէջ կարողացանք ապրիլ, մեր հողին վրայ թէ ի սփիւռս աշխարհի, դարձեալ ծնանք տաղանդաւոր զաւակներ, եւ`
«Ամէն տեղ կամուրջ ու կամար կապել,
Շինել ենք շէնքեր, ամրոց ու պալատ,
Ամէն տեղ հերկել, հասցրել բերքեր,
Ամէնքին տուել միտք, առած, երգեր»: (Պարոյր Սեւակ)
Այո՛, այդ բոլորը, եւ աւելին տուինք ու կը շարունակենք տալ մարդկութեան, արուեստներու, գիտութիւններու եւ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ համաշխարհային համբաւի հասնող անուններով:
Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի ուսեալ են հայերը, անհատապէս` իրենց ասպարէզներուն մէջ յաջողած, ինքնաբաւ, իսկ հաւաքաբար` կազմակերպ ու հսկայ կարողականութեան տէր:
Ստորակայութեան բարդոյթը, պարտութեան ամօթը թօթափած, բարձրաճակատ կը ներկայանանք աշխարհի առջեւ: Մեր թերութիւններուն գիտակից, մեր տկարութիւնները ընդունելով, տակաւին զարգացման մեր առջեւ ձգուող երկար ճանապարհը տեսնելով, բայց եւ այնպէս հպարտ:
Եւ միշտ պահանջատէր:
Դէպի 2015 մնացած մի քանի տարիները պէտք է մեզ առաջնորդեն դէպի նոր անկիւնադարձ, որ պիտի իմաստաւորուի մեր հայրենիքին շուրջ համախմբումով, մեր պետականութեան ժողովրդավարութեան զարգացումով, տնտեսութեան ամրակայումով, սահմաններու ամրապնդումով ու ընդարձակումով:
Այլ խօսքով ամբողջական հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականի համազգային հետապնդումով:
Ապրիլ 24-ը պիտի նշենք այլեւս մեր ապրելու վճռակամութեան մնայուն Վերանորոգման օր:





