Նախագահ Սլէյման Ուղղուեցաւ Աւստրալիա
By adminx - Tue Apr 17, 6:44 am
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Աւստրալիա:
Մէկ շաբաթ տեւող այս այցելութեան ընթացքին, նախագահ Սլէյման հանդիպումներ պիտի ունենայ Աւստրալիոյ իշխանութեան պետերուն, պետական պաշտօնատարներուն եւ Աւստրալիոյ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախագահ Սլէյման երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ վարչապետ Ճուլիաս Կիլըրտի հետ:
Նախագահ Սլէյմանի եւ անոր ընկերակցող Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութեան ի պատիւ Կիլըրտ սարքեց ընթրիքի երեկոյ մը, որուն ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ մինչ արաբական աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի ժողովրդավարութեան, ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու իւրացում, տակաւին խիստ կարիքը կը զգացուի Միջին Արեւելքի տագնապին ամբողջական եւ արդար լուծումին, այլ խօսքով` շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումին:
«Նման լուծում մը կարիքը ունի քաղաքական որոշումի եւ միջազգային իսկական ջանքերու, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել բոլոր կողմերուն յանձնառութիւնը` ճշգրիտ ժամկէտներու ընթացքին կատարելու իրենց նախաձեռնութիւնը: Հետեւաբար ՄԱԿ-ը, որուն ոչ մնայուն անդամ երկիրներու իր թեկնածութիւնը առաջադրած է նաեւ Աւստրալիա, պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ ամրապնդելու համար տարբեր երկիրներուն ժողովրդավարութիւնը եւ արդար լուծումներ գտնէ տագնապներուն», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Նախագահ Սլէյման դրուատեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ Աւստրալիոյ զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային օրինականութեան որոշումներուն եւ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղութեան դէմ պայքարելու գաղափարներուն վրայ:
Իր կարգին, Կիլըրտ ընդգծեց Լիբանանի դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ անոր պատմութիւնն ու աւանդութիւնները:
Ան մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուին եւ դառնան Մայրիներու ծառին չափ տոկուն:
Նախագահ Սլէյման մայրաքաղաք Քանպերայի իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց արաբական երկիրներու դեսպանները, որոնց հետ հանդիպումին ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ ինք միակն էր Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին Պաղեստինեան տագնապին ակնարկողը: «Ըստ երեւոյթին, արաբները մոռցած են Պաղեստինը», ըսաւ նախագահ Սլէյման` կոչ ուղղելով արաբական վարչակարգերուն պահպանելու արաբական քաղաքակրթութիւնը եւ տարբեր կրօններու բնօրրանը ըլլալու շրջանին յատկանիշը:
Սուրիոյ կացութեան մասին խօսելով` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ բոլորը կը փափաքին ժողովրդավարութիւն ունենալ, սակայն կարեւորը այն է, որ անոնք ժողովրդավարութիւնը հաստատեն առանց բռնարարքներու եւ արտաքին միջամտութեանց:
Նախագահ Սլէյման զգուշացուց, որ Սուրիոյ հրդեհը կրնայ տարածուիլ դէպի Լիբանան, «հետեւաբար արաբական երկիրները պէտք է ստանձնեն այդ հրդեհը հակակշիռի տակ առնելու, կամ նուազագոյնը զայն աւելի եւս չհրահրելու իրենց պատասխանատուութիւնը», ընդգծեց ան:
Նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց Լիպիոյ իրավիճակին համար եւ մաղթեց, որ Եգիպտոսի ընտրութիւնները առանց միջադէպի տեղի կ՛ունենան:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախքան իր մեկնումը, նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները` այսօր գումարուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստին լոյսին տակ:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ կառավարութեան հարցապնդումը ժողովրդավարական եւ սահմանադրական քայլ մըն է, որ պէտք է կատարուի իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններուն կողմէ` յարգելով ժողովրդավարական սկզբունքները, հեռու մնալով անձնական շահերէն ու քաղաքական տարակարծութիւններէն:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ լիբանանցիներուն կեանքը դիւրացնելու եւ անոնց յաւելեալ ծառայութիւններ մատուցելու նպատակով, խորհրդարանը պէտք է քննարկէ նաեւ կառավարութեան աշխատանքներուն համար անոր տրամադրուելիք 8,900 միլիառ լ. ոսկիի գումարին մանրամասնութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման ընդգծեց խորհրդարանի լիագումար նիստին երեսփոխանական պլոքներուն աշխուժ մասնակցութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի անոնք օժանդակեն օրէնքին գործադրութեան եւ լիբանանցիներու իրաւունքներուն պահպանումին:






