ԼՕԽ¬ականներ` Այնթուրայի Երբեմնի Որբանոցին Մէջ
By adminx - Tue Apr 17, 6:22 am
Երանի պատերը բերան ունենային ու խօսէին, պատմէին իրենց տեսած ահաւորութիւններուն մասին, կրկին արտաբերէին իրենց լսած աղաչական կանչերն ու աղիողորմ աղաղակները հայ որբուկներուն, որոնց նկատմամբ կեանքը կրկնակիօրէն անարդար եղաւ…
Անկարելի է այս մտորումները չունենալ, երբ ԼՕԽ¬ականներու հսկայ խումբի մը հետ կը շրջագայիս տասնեակ տարիներ առաջ հայ որբերուն համար թրքացման կեդրոն հանդիսացած Այնթուրայի երբեմնի որբանոցին մէջ եւ կը լսես Միսաք Քելեշեանի պատմածներն ու տուած բացատրութիւնները:
ԼՕԽ¬ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինին, երկուշաբթի, 16 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00¬ին տարբեր մասնաճիւղերէ ԼՕԽ¬ականներ այցելեցին Այնթուրայի մէջ գտնուող հայ որբերու երբեմնի կացարանը, ուր դիմաւորուեցան այս թղթածրարին մօտէն հետեւած եւ անոր բոլոր մանրամասնութիւններուն համար աշխատանք տարած Միսաք Քելեշեանի կողմէ:
Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Յասմիկ Գէորգեան, որ անդրադառնալով նախաձեռնութեան նպատակին` դիտել տուաւ, թէ ԼՕԽ¬ականները համախմբուած են խունկ ծխելու, մոմ վառելու եւ յարգելու յիշատակը այն 300 անմեղ որբուկներուն, որոնք թուրք ճիւաղներուն կողմէ գործադրուած չարչարանքներուն չդիմանալով` զոհուած են: Ան հաստատեց, որ 97 տարիներ առաջ Հայոց ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը, հակառակ ամէն դժուարութեան ու մարտահրաւէրներուն, կրցաւ վերապրիլ ու պիտի շարունակէ ապրիլ իր լեզուով, մշակոյթով, յիշելով իր նահատակներն ու անոնց կտակը, մնալով պահանջատէր եւ հայութեան խօսքը լսելի դարձնելով ամէնուրեք:
Այնթուրայի որբանոցին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք` Յ. Գէորգեան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր հայու պարտքն է յիշել պատմութիւնը եւ զայն փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:
Ապա ԼՕԽ¬ականներուն մանրամասն, փաստերու եւ տուեալներու վրայ հիմնուած տեղեկութիւններ փոխանցեց Մ. Քելեշեան, որ դպրոցի իւրաքանչիւր վայրի մէջ ցոյց տուաւ լուսանկարները որբերուն, որոնք տասնեակ տարիներ առաջ նոյն այդ վայրին մէջ գտնուած են, սակայն ոչ թէ խաղաղ ու քանի մը ժամուան համար, այլ երկար ժամանակի` չարչարանքներով եւ ամէն տեսակ անարդարութիւններով լի առօրեայ մը ապրելով: Յուզիչ, հետաքրքրական եւ երբեմն բաւական ցնցիչ պատմութիւններով, տեղեկութիւններով յագեցած իր բացատրութիւններով Մ. Քելեշեան ներկաներուն առիթ տուաւ վերապրելու հայ որբերուն ապրած արհաւիրքը, անոնց կրած չարչարանքները, անօթութիւնն ու նոյնիսկ դիակներ ուտելու ահաւորութիւնը: Մ. Քելեշեան նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ այդ դպրոցը ո՛չ մէկ օր հայութեան թրքացման այս էջը ուզած է չեղեալ նկատել իր պատմութենէն, այլ միշտ անդրադարձած է անոր:
Շուրջ երեք ժամ որբանոցին մէջ շրջագայելէ, որբուկներուն հոգիներուն ներկայութիւնը զգալէ ետք, ԼՕԽ¬ականները ուղղուեցան վերջին հանգրուան, ուր արդէն իսկ հանգիստ ու պատուով կը ննջեն հայ որբերը` իրենց յատուկ գերեզմանատան մէջ, որուն կը հսկէ նաեւ իրենց նուիրուած յուշարձանն ու կոթողը:
ԼՕԽ¬ականները մոմեր վառեցին, խունկ ծխեցին եւ աղօթեցին հոն: Այս առիթով Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն` նահատակ որբուկներու հոգիներուն համար:





