Կապանի Մէջ «Իշխանութիւնը Մեզի Համար Արհեստ Չէ» Յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան
By adminx - Sat Apr 14, 7:00 am
Նախանցեալ օր Կապան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ՀՅ Դաշնակցութեան հանրահաւաքին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան կատարեց հետեւեալ հարցադրումները. «Ինչո՞ւ դրական փոփոխութիւն չկայ, ինչո՞ւ մեր շուրջը տակաւին համատարած աղքատութիւն է, անգործներ կան, աշխատանքի պակաս կայ: Ինչո՞ւ մարդիկ աշխատանք փնտռելու համար կը լքեն իրենց հայրենիքը, իրենց ընտանիքները: Ինչո՞ւ, երբ մարդիկ նոյնիսկ կ՛աշխատին, չեն կրնար ընտանիք պահել»: Պատասխանելով այս հարցումներուն` Հրանդ Մարգարգեան նշեց, որ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւնները յաջողած են ստեղծել դրամատէրերու եւ հարուստներու դասակարգ:
«Մենք հարուստներուն դէմ չենք, բայց երբ հարստութիւնը կը դիզուի աղքատներու հաշւոյն, մեզի համար անընդունելի է: Մեր մօտ շրջանային մակարդակով հարուստներ կը ձեւաւորուին, բայց պետութիւնը ոտքի չի կանգնիր, որովհետեւ միակ նպատակը հարուստին հարստացնելն է, գերհարուստ դարձնելը», յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը եւ այդ ամէնուն հետեւանք նկատեց այն, որ Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան փոխարէն առեւտուրը կը զարգանայ:
Ան յայտարարեց, որ դաշնակցականները գաղափարական մարդիկ են, «մենք չենք եկած իշխանութիւնը նուաճելու, իշխանութիւնը չենք դիտեր իբրեւ արհեստ, մեր նպատակն է ազգային պետականութեան զարգացումը»:
Ըստ Հրանդ Մարգարեանի, երբ Հայաստանի մէջ կայ աղքատութիւն, թշուառութիւն, Հայաստանի մէջ անխուսափելի է առճակատումը, իսկ իշխանութիւնները այս ամէնուն պատճառները վերացնելու փոխարէն կը փորձեն արտաքին ուժերուն «աչքին փոշի ցանել»: Ան յայտնեց, որ եթէ ժամանակին այս ժողովուրդին կամք կը պարտադրէր Մոսկուան, այսօր կամք կը պարտադրէ նաեւ Ուաշինկթընը, Փարիզը, Պրիւքսէլը, ինչպէս նաեւ դեսպանատուները:
Նոյն հանրահաւաքին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ ծրագիրին մէջ կայ բարեփոխումներու ուղին, պէտք է պարզապէս ձեւաւորել իշխանութիւն, որ կամք պիտի ունենայ այդ բարեփոխումներուն ուղիով երթալու:
Ան յայտնեց, որ «աշխարհի մէջ չկայ երկիր մը, որ ունի հսկայական բնական պաշարներ, եւ ժողովուրդը վատ կ՛ապրի: Ունենալով Զանգեզուրի մէջ հանքարդիւնաբերութեան հսկայական պաշարներ` նոյնիսկ չենք կրնար այստեղի ժողովուրդը բարեկեցիկ դարձնել եւ աչքը կտրել դուրսէն, որովհետեւ չկայ մշակուած ծրագիր, թէ ինչպէ՛ս հաւասարապէս պէտք է բաշխել հարստութիւնը:
Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին, Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ հասանելի առողջապահութիւն բոլոր քաղաքացիներուն, ինչ որ անկարելի չէ: Ան աւելցուց, որ ճիշդ կազմակերպուածութեան եւ ճիշդ բարեփոխումներու պարագային պետական պիւտճէն 3 տարուան մէջ կը կրկնապատկուի, իսկ 5 տարուան մէջ` կ՛եռապատկուի:
«Քուէարկեցէ՛ք մեր օգտին, պարտադրեցէ՛ք աշխատիլ ձեզի համար, եւ արդիւնքները տեսանելիք կ՛ըլլան կարճ ժամանակուան ընթացքին», ըսաւ ան:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր եւ պատգամաւորութեան թեկնածու Արա Նռանեան հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը ընթացիկ խորհրդարանին մէջ ունենալով ընդամէնը 16 պատգամաւոր` յաջողած է իրականացնել բազմաթիւ ծրագիրներ:
Իսկ հիմնական պայքարը եղած է կառավարութեան դէմ, որ կը վարէ ցած եկամուտի քաղաքականութիւն եւ իբրեւ արդիւնք հազարաւոր մարդիկ իւրաքանչիւր տարի կը լքեն երկիրը:
«Մենք ներկայացուցած ենք նախընտրական ծրագիր մը, զոր նոյնիսկ մեր ընդդիմախօսները ամէնէն մրցունակը նկատած են: Անոնք կ՛ըսեն, որ Դաշնակցութեան ծրագիրը, ըլլալով լաւատեսական, նաեւ իրատեսական է: Մենք լուծումներ կու տանք: Մենք գիտենք, թէ ինչ պիտի ընենք, երբ իշխանութեան գանք 6 մայիսէն ետք», նշեց ան` վստահեցնելով, որ կուսակցութիւնը իւրաքանչիւր մարզի մէջ ունի յստակ ընելիքներու ցանկ մը եւ իւրաքանչիւրը պիտի ապահովէ յստակ եկամուտներ:
Արա Նռանեան անդրադարձաւ նաեւ արտահանման, արտադրական նախաձեռնութիւններու ստեղծման, երիտասադրութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան խնդիրներուն եւ ՀՅԴևի առաջարկած լուծումներուն:






