Saturday May 25, 2013

Կրթութեան Նախարարութեան Եւ «Փիւնիկ» Հիմնադրամին Աջակցութեամբ Վերջին 4 Տարիներուն Հայաստանի Մէջ 750 Տարրալուծարան Կահաւորուած Է

By adminx - Sat Apr 14, 6:53 am

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան եւ Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան նախանցեալ օր ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր:

Վերջին 4 տարիներուն ընթացքին նախարարութեան եւ հիմնադրամին աջակցութեամբ հանրապետութեան դպրոցներուն մէջ կահաւորուեցան բնագիտութեան, քիմիագիտութեան եւ կենսաբանութեան առարկաներու շուրջ 750 տարրալուծարաններ եւ թեքնիք առումով կատարելագործուեցան Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցը եւ նոյն համալսարան Գիւմրիի մասնաճիւղը: Ծրագիրներ իրականացուեցան նաեւ Երեւանի պետական բժշկագիտական համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ աւագ դպրոցներէն մէկուն մէջ:

«Եթէ Հայաստանի 1000 մեծ հարկատուները կարենային քիչ թէ շատ մասնաբաժիններ ունենալ կրթութեան մարզի ներդրումներուն մէջ, ապա մենք պիտի կարենայինք որակեալ աճ ապահովել կրթութեան բոլոր հատուածներուն մէջ: Իսկ կրթական մարզի ներդրումները պէտք է իրականացուին բացառապէս պետութեան հետ համագործակցութեամբ», նշեց Աշոտեան:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement