Saturday May 25, 2013

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Մարդկային Իրաւունքներու Բռնաբարումը Կիպրոսի Թուրքիոյ Կողմէ Գրաւուած Բաժինին Մէջ

By adminx - Fri Apr 13, 6:26 am

Երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ նամակ մը ստացաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար էրաթօ Քոզաքու Մարքուլիսէն: Նախարարը տեղեակ կը պահէր վեհափառը, որ կղզիին Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած բաժինին մէջ իշխանութիւնը արգիլած է Կիպրոսի յոյն եկեղեցւոյ պատկանող Քրիստոֆորոս եպիսկոպոսին Ս. Զատկուան առիթով իր համայնքին կատարելիք այցելութիւնը եւ պատարագը: Նոյն նամակին մէջ նախարարը կը յիշէ նաեւ թրքական իշխանութեան կողմէ մարդկային իրաւունքները անտեսող այլ պարագաներու կրկնութիւնը վերջին տարիներուն ընթացքին: Ապա, նախարարը կը խնդրէ վեհափառէն, որ ազդու միջոցներու դիմելով դատապարտէ մարդկային իրաւունքներու եւ խղճի ազատութեան դէմ եղող թրքական իշխանութեան կողմէ որդեգրուած նման քաղաքականութիւն մը:

Վեհափառը նախարարին ուղղած իր նամակին մէջ դատապարտելով Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքները անտեսող այս մօտեցումը յայտնեց անոր, որ ինք թելադրած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, որ Թուրքիոյ ուղղուած խիստ յայտարարութիւններով դատապարտեն այս երեւոյթը եւ արտօնեն խղճի ամբողջական ազատութիւն` Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի գրաւեալ բաժինին մէջ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement